Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց Է 2022-2023 Թուականի Դիմումներուն Համար

ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց Է 2022-2023 Թուականի Դիմումներուն Համար

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու Յանձնախումբը հաճոյքով կը յայտարարէ բացումը` 2022­-2023 տարեշրջանի  կրթանպաստներու ծրագիրին՝ Ապրիլ 1-էն սկսեալ։

Անհատական կրթանպաստներ, իւրաքանչիւրը մինչեւ 1500 տոլար, պիտի տրուին արժանի ուսանողներու, որոնք կը յաճախեն Ամերիկեան քառամեայ  համալսարաններ։ Դիմողները պէտք է ըլլան հայկական ծագումով, ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA եւ գործունեայ ըլլան հայկական համայնքէն ներս:

Հետաքրքրուողները կրնան այցելել   https://aebu.org/our-programs/scholarship/    կայքը՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար։

Դիմումները պէտք է ներկայացուին առցաց կամ նամակատան միջոցաւ մինչեւ Յունիս 30¸ 2022։ Նամակով դիմումները պէտք է ուղարկուին՝ AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104։ Նաեւ կարելի է հեռաձայնել 626-344-7321 թիւին՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։

ՀԿԲՄ իր տարեկան նպաստները կը յատկացնէ մրցակցական հիմունքներով եւ վերանայումէ ետք: Կրթանպաստի արժանացած ուսանողներու անունները պիտի յայտարարուին առցանց՝ մինչեւ  Օգոստոս 1,  2022-ին: Կրթանպաստնելու յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս ամսուայ ընթացքին` ծնողներու եւ Միութեան բարեկամներու ներկայութեան։

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան՝  կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը:

Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել  https://aebu.org/donate/ կայքէջը:

Layout 1

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment