Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոն տեսախորհրդաժողով ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:
Ֆրանսական կողմին փոխանցմամբ` հանդիպումը ուղղուած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ մարդասիրական համագործակցութեան զարգացման: Կը նշուի, որ տեսախորհրդաժողովը անցեալ տարի Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կայացած չորս առաջնորդներու հանդիպումներուն շարունակութիւնն է:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը միտքեր փոխանակած են առկայ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցման եւ սահմանազատման, միջազգային կազմակերպութիւններու Լեռնային Ղարաբաղ ելումուտի, ինչպէս նաեւ հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ:
Հայկական կողմը կը հաղորդէ նաեւ, որ տեսախորհրդաժողովի ընթացքին Փաշինեան ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութեան ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը: