Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիան Իրական Սպառնալիք Է Ռուսաստանի Եւ ՀԱՊԿ Դաշնակիցներու Համար․ SCMP

Թուրքիան Իրական Սպառնալիք Է Ռուսաստանի Եւ ՀԱՊԿ Դաշնակիցներու Համար․ SCMP

by MassisPost

Չինական South China Morning Post պարբերականը իր վերլուծական հրապարակումներէն մէկուն մէջ գրած է, որ Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի անոր դաշնակիցներուն համար իրական սպառնալիք դարձած է Թուրքիան։ Անգարայի կասկածելի աշխուժութիւնը Թրքական խորհրդին մէջ կը սպառնայ Մոսկուայի անվտանգութեան։

Ըստ յօդուածին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քաղաքականութիւնը կրնայ ծայրայեղ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ունեցած ազդեցութեան վրայ։ Տեղի կ’ունենան փոփոխութիւններ, որոնք պէտք է, որ արժանանան չինական եւ ռուսական իշխանութիւններու ուշադրութեան։ Խօսքը Պոլսոյ մէջ Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի գագաթնաժողովի մասին է, որ վերանուանուած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւն։ Թուրքիոյ աշխուժութիւնը այդ բոլորին մէջ առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն կրնայ առաջացնել։

Այս կազմակերպութեան անդամ են, բացի Թորքիայէն, նաեւ՝ Ուզպեքիտանը, Ղրղզիստանը, Ղազախիստանը, Ատրպէյճանը, իսկ Հունգարիան եւ Թուրքմենիստանը ստացած են դիտորդի կարգավիճակ։ Փեքինն ու Մոսկուան հարկ է, որ հետեւին Թուրքիոյ նախագահի այդ աշխուժութեան, որ կը ձգտի թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութիւնը վերածել քաղաքական միաւորի։ Ո՞ր պարագային հնարաւոր է Մոսկուայի եւ Փեքինի դիրքերու թուլացումը Կեդրոնական Ասիոյ շրջանին մէջ։ Թուրքիան կրնայ փորձել վերցնել իր վրայ առաջատարի դերը Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մէջ, եւ փճացնել Մոսկուայի տնտեսական ազդեցութիւնը։ Խօսքը ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ անվտանգութեան հնարաւոր խափանման մասին է։ Եթէ Թուրքիան ամրացնէ տնտեսական համագործակցութիւնը ԹՊԿ անդամ հինգ պետութիւններուն հետ, ապա Մոսկուան կը հանէ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական միջանցքներու ցանկէն։ Հետագային արդէն կրնայ վատանալ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ռուսալեզու բնակչութեան վիճակը։ Միաժամանակ նաեւ կը սրուի Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական եւ ռազմական մրցակցութիւնը այդ շրջանին մէջ։ Էրտողան միաժամանակ նաեւ կը մեղադրէ Չինաստանը Սինծեանի ույղուր իսլամներու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ։ Էրտողան կը կարծէ, որ անոնք պէտք է ազատ ապրին, որպէս իրաւահաւասար քաղաքացիներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment