Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 44-օրեայ Պատերազմին Թուրքիոյ Դերը Նուազեցուցած Է ՆԱԹՕ-Ի Հանդէպ Վստահութիւնը. Կարապետեան

44-օրեայ Պատերազմին Թուրքիոյ Դերը Նուազեցուցած Է ՆԱԹՕ-Ի Հանդէպ Վստահութիւնը. Կարապետեան

by MassisPost

«Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմում ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը նուազեցրել է տարածաշրջանում կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման գործում ՆԱԹՕ-ի հանդէպ վստահութիւնը»: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցչի հետ հանդիպման ժամանակ:

Արշակ Կարապետեան Խավիեր Քոլոմինա Փիրիսին ներկայացուցած է Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն յետոյ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը եւ առկայ սպառնալիքները, ըսուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեամբ:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment