Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուշիի Վերաբերեալ Քրէական Գործերով Շուրջ 150 Անձ Հարցաքննուած է

Շուշիի Վերաբերեալ Քրէական Գործերով Շուրջ 150 Անձ Հարցաքննուած է

by MassisPost

2020-ի պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանունակութեան, զինուորական ծառայութեան դէմ ուղղուած առերեւոյթ յանցագործութիւններու փաստերու առթիւ յարուցուած է եւ կը քննուի աւելի քան 2 հազար քրէական գործ, յայտնած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ կը քննուին օրինակ՝ զօրահաւաքային զօրակոչի, զօրահամալրման գործընթացներուն թոյլ տրուած հնարաւոր խախտումները, պատերազմի ընթացքին զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, Արցախի հարաւային՝ Մեխակավանի, Հորադիզի, Հադրութի ուղղութիւններով զօրքերու եւ ստորաբաժանումներու գործողութիւններու ղեկավարման, հակառակորդի կողմէ հարաւային ուղղութեամբ դէպի Հայաստանի սահմաններ եւ դէպի Արցախի կեդրոն՝ Շուշի քաղաք առաջխաղացման ու բնակավայրերու գրաւման հանգամանքները:

Գլխաւոր դատախազութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ քննութեան առարկայ են «Նժդեհ» կոչուող բարձունքի («Լելէ-Թեփէ») Մեխակավանի, Հադրութի, Մեծ Թաղերի, Թաղավարդի, Սղնախի, Քարին Տակի եւ Շուշիի ուղղութիւններով կատարուած ռազմական գործողութիւններուն առնչուող՝ հրապարակայնօրէն տարբեր հարթակներով ներկայացուած եւ իրաւապահ մարմիններու տեսադաշտը յայտնուած, ինչպէս նաեւ զոհուած, անհետ կորած զինծառայողներու ծնողներէն, հարազատներէն ստացուած՝ յանցագործութեան յատկանիշներու առկայութեան մասին վկայող բոլոր տուեալները՝ պաշտօնատար անձանց կողմէ պաշտօնէական դիրքի չարաշահման, պաշտօնէական անփութութեան եւ հրաման չկատարելու հանգամանքները պարզելու նպատակով։

Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեամբ, միայն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն ներս Արցախի հարաւային ուղղութեամբ եւ դէպի Շուշի, Շուշիին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ու գործողութիւններու վերաբերեալ քննուող քրէական գործով հարցաքննուած է շուրջ 150 անձ, անոնց կարգին՝ Արցախի նախագահ, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ, Արցախի նախագահի խորհրդական, ՊԲ հրամանատարի տեղակալ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար եւ այլոք։

Դեռ Մայիսի սկիզբը, Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեկացուցած էր, որ հարցաքննուած է պատերազմին վերաբերող քրէական գործի ծիրէն ներս։

Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած է, որ քննուող քրէական գործերով աւելի քան 800 անձի մեղադրանք առաջադրուած է, անոնց կարգին նաեւ՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու բաձրաստիճան սպաներու։

Աւելի վաղ, դատախազութենէն «Ազատութիւն»-ին փոխանցած էին, որ 7 բարձրաստիճան զինուորական կը մեղադրուի ռազմական տարբեր յանցագործութիւններու համար, որոնցմէ յայտնի է միայն Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալի անունը։ Զօրավար Անդրանիկ Մակարեանը կը մեղադրուի ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի համար, անոր մեղսագրուող արարքը կ’առնչուի պատերազմին, Մակարեանը մեղքը չի ընդունիր։

Սեպտեմբեր 28-ի հաղորդագրութեան համաձայն, ըստ էութեան քննելու համար դատարան ուղարկուած է ընդհանուր 48 քրէական գործ՝ 55 անձի վերաբերեալ, անոնց կարգին 1 անձի վերաբերեալ՝ ռազմական դրութեան ընթացքին իշխանութիւնը չարաշահելու, իշխանազանցութեան կամ իշխանութեան անգործութեան համար։ Դատարան ուղարկուած գործերով 8 անձի վերաբերեալ կայացած է մեղադրական դատավճիռ:

Քրէական գործերու մեծ մասով նախաքննութիւնը կը շարունակուի, ըսուած է Գլխաւոր դատախազութեան հաղորդագրութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment