Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Աշխատանքը Կը Շարունակուի». Ռուտենքօ

«ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Աշխատանքը Կը Շարունակուի». Ռուտենքօ

by MassisPost

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքը կը շարունակուի», ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած Սեպտեմբեր 22-ի հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ նախարար՝ Անտրէյ Ռուտենքօն։ «Շփումները կը շարունակուին, թէեւ անոնք այդքան ալ հրապարակային բնոյթ չեն կրեր», – նշած է դիւանագէտը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ նախարարի խօսքով` համանախագահները առաջիկայ օրերուն Նիու Եորքի մէջ կը նախատեսեն բանակցութիւններ կայացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ։

«Եթէ [այդ բանակցութիւնները] կայանան, ապա լաւ ցուցիչ կը դառնայ առ այն, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը գործնական տեսք ստանայ։ Մենք կը շարունակենք Մինսքի խումբը ընկալել որպէս խաղաղ գործընթացին մէջ առաջընթաց ապահովելու կարեւոր մէկ գործիք», – նշած է Ռուտենքօն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment