Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հետեւած Է «Զապատ-2021» Զօրավարժութեան Հիմնական Փուլին

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հետեւած Է «Զապատ-2021» Զօրավարժութեան Հիմնական Փուլին

by MassisPost

Սեպտեմբեր 13-ին Ռուսաստանի «Մուլինօ» զօրավարժարանէն ներս մեկնարկած է «Արեւմուտք-2021» («Զապատ-2021») համատեղ ռազմավարական զօրավարժութեան հիմնական փուլը: Մարտական կրակով ընթացող գործողութիւններուն հետեւած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեանը:

«Արեւմուտք-2021» զօրավարժութեան հիմնական փուլին մէջ ներգրաւուած են Ռուսաստանի Արեւմտեան ռազմական շրջանի միաւորումներն ու զօրամասերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Հնդկաստանի, Ղազախիստանի, Խրխըզիստանի եւ Մոնկոլիոյ զօրախումբերը: Հայաստանը զօրախաղին մասնակցած է թանկային, մոթոհրաձգային եւ հրթիռահրետանային ստորաբաժանումներէն կազմուած գումարտակի կազմով:

«Ուսումնամարտական գործողութիւնների հիմքում վերջին ռազմական գործողութիւնների փորձն է, մասնաւորապէս, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնում եւ Արցախի Հանրապետութիւնում: Մշակուել են նաեւ համատեղ զօրքերի գործողութիւնների նոր տարբերակներ ու մեթոտներ», – ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեամբ։

«Մուլինօ» զօրավարժարանը հնարաւորութիւն է ընձեռում կազմակերպել զօրավարժութիւններ` կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ, ռազմական զրահատեսակներ, հրետանային ու ՀՕՊ համակարգեր, օդուժ, ինչպէս նաեւ «Իսքանտեր-Մ» օփերաթիւ-մարտավարական հրթիռային համալիրներ», – հաղորդած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը։

«Զապատ-2021»-ը մեկնարկած է Սեպտեմբեր 10-ին եւ կը տեւէ մէկ շաբաթ։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը Սեպտեմբեր 15-16-ին պիտի մասնակցի Տուշանպէի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ-ի կանոնադրային մարմիններու համատեղ, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան վեհաժողովի նիստերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment