Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկեցին 8-րդ Գումարման Ազգային Ժողովի Աշխատանքները

Մեկնարկեցին 8-րդ Գումարման Ազգային Ժողովի Աշխատանքները

by MassisPost

Օգոստոս 2-ին մեկնարկեցին Հայաստանի 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի աշխատանքները: Մինչեւ խորհրդարանի ղեկավարութեան ընտրութիւնը նիստը կը վարէր ամենատարեց պատգամաւոր՝ Կնեազ Հասանովը։

«Հայաստան» դաշինքը պահանջեց ապահովել նիստին Մեղրիի եւ Սիսիանի նախկին համայնքապետեր՝ Մխիթար Զաքարեանի եւ Արթուր Սարգսեանի մասնակցութիւնը, որոնք կալանաւորուած են քրէական գործերով, սակայն պատգամաւոր ընտրուած են Դաշինքի ցուցակով:

«Այո՛, պատգամաւորն ունի անձեռնմխելիութեան իրաւունք, որը պէտք է յաղթահարուի, բայց տուեալ պարագայում մենք գործ ունենք մի իրավիճակի հետ, երբ արարքները, որոնք վերագրւում են պատգամաւորական մանտաթ ստացած անձանց, տեղի է ունեցել մինչեւ մանտաթ ստանալը եւ նրանց անձեռնմխելիութիւնը յաղթահարուել է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի համապատասխան որոշումներով։ Ազգային ժողովը որեւէ ձեւով չի կարող ազդել արդարադատութեան համակարգի որոշման վրայ», – արձագանգեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Վլատիմիր Վարդանեանը՝ առաջարկելով հնարաւորութիւն ընձեռել նախագահողին ձեւաւորել ԱԺ-ի մարմինները, յետոյ անցնիլ առօրեայ գործունէութեան հարցերուն։

Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նստաշրջանը սկսաւ տէրունական աղօթքով, զոր հնչեցուց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին երկրորդը։

Կաթողիկոսը նախ շնորհաւորեց պատգամաւորները, ապա շեշտեց, որ այսօր Հայաստանն ու Արցախը կը դիմակայեն արտաքին եւ ներքին լուրջ մարտահրաւէրներ՝ յանդիման Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալուող յարձակողական ու ծաւալապաշտական նկրտումներուն, իսկ հայրենական կեանքին մէջ ծառացած հիմնախնդիրները յաղթահարելու համար հրամայական է պետական քաղաքական գործիչներու եւ ողջ հասարակութեան համախմբումը, քաղաքացիական պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը, համընդհանուր զգաստութիւնն ու բարեխղճութիւնը։

«Բոլորիս փափաքն ու ձգտումն է մեր հայրենիքի անվտանգութիւնն ու առաջընթացը, խաղաղ եւ բարեկեցիկ կեանքի կերտումը, որը մեծապէս պայմանաւորուած է նաեւ օրէնսդիր մարմնի եւ ձեւաւորուելիք կառավարութեան գործունէութեամբ», – ըսաւ կաթողիկոսը՝ շարունակելով․ – «Ամէնքս պէտք է քաջ գիտակցենք, որ ազգային, հասարակական համերաշխութեանն այլընտրանք չկայ: Այս խորհրդարանից, կառավարման համակարգից պէտք է սերմանուեն սէրը, փոխհասկացողութիւնը, բարի կամեցողութիւնը: Խորհրդարանի գործունէութեան ընթացքում հնչող քննադատութիւնը թող լինեն միայն կառուցելու, սխալները շտկելու նպատակով»:

parliament-08-02-b

Ապա նախագահ Արմէն Սարգսեան առաջին նիստի առիթով շնորհաւորեց խորհրդարան անցած պատգամաւորները եւ մաղթեց յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք։

«Ձեզ հնարաւորութիւն է ընձեռուել նախ մշակել, ապա իրականացնել ապագային միտուած իրական, ռազմավարական ծրագրեր: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն ակնկալում են, որ կը գտնուեն առկայ խնդիրների լուծումները եւ կը դրսեւորուի կամք՝ Հայաստանն ուղղորդելու դէպի զարգացում, դէպի ապագայ: Այդ ապագան պէտք է կերտուի ուժեղ, հաւասարակշռուած եւ առաջադէմ պետութեան տեսլականի շուրջ: Ապագան առանձին վերցրած մեզնից որեւէ մէկի կամ առանձին կուսակցութեան շահերը չեն, ապագան մենք ենք՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն», – ըսաւ նախագահը։

Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը, յայտարարեց Արմէն Սարգսեան՝ շեշտելով, որ արդիւնաւէտ կառավարման էութիւնը նախ ազնիւ եւ պատասխանատու ըլլալն է:

«Նախեւառաջ պէտք է լինել ազնիւ եւ պատասխանատու։ Ցանկալին որպէս իրականութիւն ներկայացնելու փորձերը, Ամբոխավարութիւն եւ ժողովրդականութիւնը ճանապարհ են դէպի փակուղի: Պէտք է ազնիւ, բաց եւ ուղիղ խօսենք առկայ խնդիրների մասին, սթափ եւ սառնասրտօրէն գնահատենք մեր իրական հնարաւորութիւնները, խիզախութիւն ունենանք ընդունել մեր թերութիւնները եւ սխալները եւ պատասխան տանք դրանց համար: Իւրաքանչիւրս պէտք է պատասխանատու զգայ իրեն՝ մեր երկրի, մեր պետականութեան ապագայի համար: Միայն ազնիւ եւ արդար կառավարումը կարող է փոխել իրավիճակը, յաղթահարել հիասթափութիւնը, լաւատեսութիւն սերմանել, վերականգնել եւ ամրապնդել կապը քաղաքացու եւ պետութեան միջեւ», – ըսաւ նախագահը:

Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ եկած է ժամանակը ունենալու պետութիւն, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իր հիմնական գործառոյթները, անոնց կարգին՝ սահմաններու եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջութեան պաշտպանութիւնը, Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը, տնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացումը, արժանապատիւ կենսամակարդակի ապահովումը, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորուած պաշտպանութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութեան ապահովումը։

«Նախագահի աշխատակազմը պատրաստ է իր սահմանափակ սահմանադրական հնարաւորութիւնների շրջանակում գործնական յստակ ներդրում ունենալ բովանդակալից պետութեան կառուցման մէջ, պետութիւն, որն իր վրայ կը վերցնի ազգը դէպի ապագայ առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը», – եզրափակեց նախագահը։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու երդմնակալութեան արարողութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment