Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նորամարգի Ընտրողներուն Կաշառք Տալու Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

Նորամարգի Ընտրողներուն Կաշառք Տալու Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

Արարատի մարզի Նորամարգ համայնքի աւելի քան 40 ընտրողներու կաշառք տալու փաստով քննուած քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է, յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ):

Համաձայն հաղորդագրութեան՝ պարզուած է, որ Արարատի մարզի Նորամարգ համայնքի` «Պատիւ ունեմ» դաշինքի նախընտրական շտապի պետ՝ Վ. Յովհաննիսեանը նոյն համայնքի երեք բնակչուհիներու հետ նախնական համաձայնութեամբ աւելի քան 40 ընտրողներու առաջարկած եւ տուած են կաշառք՝ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն յիշեալ դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար:

Վ. Յովհաննիսեան, համակարգելով «Պատիւ ունեմ»-ի նախընտրական շտապի աշխատանքները, Յունիս ամսուայ սկիզբը շտապի աշխատակցուհի՝ Ն. Մանուկեանի հետ ձեռք բերած է նախնական համաձայնութիւն՝ յիշեալ դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար Նորամարգ համայնքի բնակիչներուն մէկ ձայնի դիմաց 15.000 դրամի չափով կաշառք տալու վերաբերեալ: Այնուհետեւ` Յունիս 16-ին, Յովհաննիսեանը Մանուկեանին անձամբ տուած է նախ՝ 240.000 դրամ, ապա՝ 300.000 դրամ՝ ընտրողներուն վերոյիշեալ նպատակով տրամադրելու համար:

Մանուկեան, իր հերթին, ընտրողներ հաւաքագրելու եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար վերջիններուս կաշառք տալու վերաբերեալ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է Նորամարգի բնակչուհիներ Է. Կարապետեանի եւ Ի. Աւետիսեանի հետ:

Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Յունիս 16-18-ի ժամանակամիջոցին` Նորամարգ համայնքի վարչական տարածքին մէջ, Յովհաննիսեանը Մանուկեանի հետ, իսկ վերջինս նաեւ Կարապետեանի եւ Աւետիսեանի հետ, նախնական համաձայնութեամբ, «Պատիւ ունեմ» կուսակցութիւններու դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար ընդհանուր 645.000 դրամ կաշառք բաժնած են Նորամարգ համայնքի աւելի քան 40 ընտրողներու` իւրաքանչիւրին 15.000-ական դրամ:

Խումբի կազմէն ներս նախնական համաձայնութեամբ երկու եւ աւելի անձերու կաշառք առաջարկելու եւ տալու համար, Յովհաննիսեանին, Մանուկեանին, Կարապետեանին եւ Աւետիսեանին մեղադրանք առաջադրուած է: Յովհաննիսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, միւս մեղադրեալներու նկատմամբ` ստորագրութիւն չհեռանալու մասին:

Նախաքննութիւնը աւարտած է: Քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատախազին` զայն հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment