Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստանը Պէտք Է Ճանչնայ Ատրպէյճանի Սահմանները, Անոնց Կարգին՝ Ղարաբաղը Ճանչնայ Ատրպէյճանի Մաս». Ալիեւ

«Հայաստանը Պէտք Է Ճանչնայ Ատրպէյճանի Սահմանները, Անոնց Կարգին՝ Ղարաբաղը Ճանչնայ Ատրպէյճանի Մաս». Ալիեւ

by MassisPost

«Ատրպէյճանը պատրաստ է աշխատիլ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ եւ առեւտրային յարաբերութիւններ հաստատել Երեւանի հետ, բայց մինչ այդ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է ճանաչեն իրարու սահմանները»։ Այս մասին նախօրէին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով «Հարաւային Կովկաս. տարածաշրջանային գործակցութիւն եւ զարգացման հեռանկարները» խորագրով համաժողովին:

Ըստ Ալիեւի, հայ-ատրպէյճանական սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման առաջարկով բազմիցս դիմած է Հայաստանի ղեկավարութեան, սակայն մերժում ստացած է ։ «Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ճանաչել Հայաստանի սահմանները: Բայց անոր համար Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Ատրպէյճանի սահմանները, անոնց կարգին՝ Ղարաբաղը ճանչնայ, Ատրպէյճանի մաս: Այնպէս որ, մենք կը սպասենք հայկական կողմի գործողութիւններուն», – յայտարարած է Ալիեւ որ  ընդամէնը մեկ շաբաթ առաջ Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն, բռունցքը վեր պարզած, Հայաստանի հասցէին հերթական սպառնալիքներու տարափը կը հնչեցնէր։

Իսկ միջազգային լսարանին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Ատրպէյճանի առաջնորդը խօսած է Հայաստանի հետ հարեւանութեան անհրաժեշտութեան մասին․ – «Ատրպէյճանը բաց է համագործակցութեան եւ ընդհանուր ապագայի ծրագրման համար, քանի որ ուզենք կամ ոչ՝ մենք հարեւաններ ենք, պէտք է ապրինք կողք-կողքի», – ըսած է Ատրպէյճանի առաջնորդը:

Պատերազմի աւարտէն յետոյ ալ չհրաժարելով ռազմատենչ հռետորաբանութենէն՝ Ատրպէյճանի նախագահը Հայաստանի ժողովուրդին խորհուրդ կու տայ հրաժարիլ ռազմական, վրէժխնդրական փորձերէն եւ «յստակօրէն գիտակցիլ նոր իրողութիւնները, զորս տարածաշրջանէն ներս հաստատած է Ատրպէյճանը»։

Ընդ որում, Ալիեւի համոզմամբ, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործով շատ բան կրնայ ընել Միացեալ Նահանգները՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր։ «ԱՄՆ-ը կրնայ հայկական հանրութեան հասցնել այն միտքը, որ մեր երկիրները պէտք է սորվին ապրիլ խաղաղութեան մէջ», – շեշտած է Ատրպէյճանի առաջնորդը, ապա նշած, թէ Պաքուն յոյս ունի այսուհետ նաեւ ամերիկեան սպառազինութիւն ձեռք բերել։

Խօսելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման Պաքուի քայլերու մասին, Ալիեւ նշած է, թէ իրենց առաջարկներն ու նախաձեռնութիւնները տեղ գտած են Նոյեմբեր 10-ի համատեղ յայտարարութեան մէջ։

«Խօսքը մասնաւորապէս հաղորդակցութիւններու եւ բեռնափոխադրումներու համար նոր միջանցքներու բացման մասին է։ Կրնամ ըսել, որ տուեալ նախագիծի իրագործման հետ կապուած աշխատանքը արդէն սկսած է, եւ այդ նպատակով Ատրպէյճանը որոշակի  եւ ֆինանսական հնարաւորութիւններ յատկացուցած է », – յայտարարած է Ալիեւ։

Թէեւ պաշտօնական Երեւանը յամառօրէն կը պնդէ, թէ Ատրպէյճանի հետ «երբեք միջանցքի հարց չի քննարկել եւ չի քննարկելու» եւ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահի հնչեցուցած «Զանգեզուրի միջանցք» թէզը յորջորջանք որակած է, այդուհանդերձ, Իլհամ Ալիեւ, կրկին անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցքի» կարեւորութեան, ընդգծած է, թէ անոր բացումէն ետք նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու համար։

Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւած առցանց համաժողովի ընթացքին, հարց չէ հնչած Ատրպէյճան պահուող շուրջ 200 հայ ռազմագերիներու մասին, որոնց անյապաղ վերադարձը կը պահանջեն տասնեակ երկիրներ ու միջազգային կառոյցներ։ Ատրպէյճանի ղեկավարը նոյնպէս չէ անդրադարձած պաշտօնական Երեւանի գլխաւոր այդ պահանջին, որու իրագործման պարտաւորութիւնը ստանձնած է Ալիեւ Նոյեմբեր 10-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment