Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով Պաքուի Մէջ Ընդգծած Է` Պէտք Է Լուծել Ռազմագերիներու Հարցը

Լաւրով Պաքուի Մէջ Ընդգծած Է` Պէտք Է Լուծել Ռազմագերիներու Հարցը

by MassisPost

Անցեալ շաթուայ ընթացքին Երեւան կատարած իր այցելութենէն ետք, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մայիս 10-ին  ժամանեց Պաքու:

«Կողմերը ունին ընդհանուր մօտեցում, որ կան երթուղիներ, որոնց շուրջ ամէնէն դիւրինն է պայմանաւորուիլը, եւ առաջիկային մենք կը սպասենք հայկական կողմի պատասխանին», – այսօր՝ Մայիս 11-ին Պաքուի մէջ պատասխանելով, թէ ե՞րբ պիտի սկսին փոխադրային միջանցքի կառուցման աշխատանքները եւ ի՞նչ երթուղիներու մասին է խօսքը, հարցին՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը:

Սերկէյ Լաւրով, սակայն, ընդգծած է. «Եթէ դեռ համաձայնութիւն չկայ երթուղիներու շուրջ, դժուար է խօսիլ ժամկէտներու մասին։ Այդ հարցը պէտք է կարգաւորել հաշուի առնելով բոլոր կողմերու շահերը, անոնց կարգին՝ տարածաշրջանի երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի»։

Լաւրով Պաքու ժամանած էր Մայիս 10-ին, աշխատանքային այցով: Զինք ընդունած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի այցի օրը հարցազրոյց տուած էր ատրպէյճանական պետական հեռուստաընկերութեան եւ ըսած, թէ Զանգեզուրի միջանցքը պիտի ըլլայ, առաջիկային պիտի սկսին երկաթուղագիծի կառուցման աշխատանքները, եւ Ղարաբաղի խնդիրը վերջնականապէս կարգաւորուած է: «Նման միաւոր, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղ Ատրպէյճանի մէջ, այսօր չկայ, իսկ Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութիւնը միայն յայտարարութիւն չէր, այլ Հայաստանի անձնատրութեան աքթ», – նշած է Ալիեւ։

Պայրամովն ալ այսօր մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Մենք կը համարենք, որ այսօր եզակի իրավիճակ է, Ատրպէյճանը վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, վերականգնած է իր սահմանի աւելի քան 398 քիլոմեթրը։ Պաքուն այսօր պատրաստ է վերականգնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ»։

Լաւրով, ոչ Ալիեւի եւ ոչ ալ Պայրամովի հետ հանդիպումին ու համատեղ մամուլի ասուլիսին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական քաղաքական կարգաւորման մասին չէ խօսած, բայց, օրինակ, ակնարկած է, որ պէտք է կարգաւորել յետպատերազմեան բոլոր մարդասիրական հարցերը, անոնց կարգին՝ ռազմագերիներու վերադարձը։

Ընդ որում՝ թէ՛ Ալիեւի եւ թէ՛ Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ Լաւրով օգտագործած է «ռազմագերիներ» բառը, իսկ Պայրամով այսօր ըսած է, որ Ատրպէյճան լաւ պայմաններու մէջ անազատութեան մեջ պահուող հայերը յանցագործներ են, զորս Ատրպէյճանը կը պատրաստուի դատել։

Մարդասիրական խնդիրներու լուծման անհրաժեշտութեան համաթեքսթով՝ Լաւրովի Պաքուի մէջ կայացած հանդիպումներու ծիրէն ներս յիշատակուած է նաեւ Հայաստանի կողմէ ականապատուած տարածքներու քարտէզներու տրամադրման հարցը:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի մամլոյ քարտուղարը այսօր այս բովանդակութեամբ «Արմէնփրէս»-ին ըսած է. «Հաւատարիմ իր ստանձնած մարդասիրական յանձնարարութիւններին եւ համամարդկային արժէքներին, Հայաստանը միշտ առաջնայնութիւն է տուել մարդասիրական բնոյթի խնդիրների լուծմանը: Միաժամանակ անթոյլատրելի ենք համարում Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտով ստանձնած պարտաւորութիւնների չկատարումը, որն Ատրպէյճանը փորձում է արդարացնել անհիմն մեկնաբանութիւններով: Ռազմագերիների եւ պահուող այլ անձանց անյապաղ եւ անվերապահ հայրենադարձման առնչութեամբ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումն առաւել քան յստակ է»:

Սերկէյ Լաւրովի այցի ծիրէն ներս կայացած բանակցութիւններու հիմնական հարցը փոխադրային ուղիներու հարցն էր, որոնց շուրջ, ինչպէս յայտնի է յայտարարութիւններէն, Պաքուն ու Մոսկուան համաձայնութեան չեն եկած։

Յիշեցնենք, որ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարած էր, թէ երկաթուղագիծի կառուցման հարցը նախ եւ առաջ քննարկած է ռուսական կողմի հետ, քանի որ հայկական երկաթուղագիծը կը պատկանի Ռուսաստանին։ Ի դէպ՝ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած էր, որ ղարաբաղեան խնդիրը թէ՛ ռազմի դաշտի, թէ՛ դիւանագիտական հարթակին վրայ կարգաւորած է միայնակ։ Իսկ Լաւրովը ընդունած ատեն ընդգծած էր, թէ ռուս խաղաղապահները կը գտնուին Ատրպէյճանի տարածք, եւ Պաքուն կ’ակնկալէ Ռուսաստանի աջակցութիւնը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment