Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Հեռախօսազրոյցներ Ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի Հետ

Փութին Հեռախօսազրոյցներ Ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի Հետ

by MassisPost

ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Քննարկուած են 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021-ի Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ հաստատուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական ձեւերը: Գոհունակութեամբ արձանագրուած է, որ կրակի դադարեցման ռեժիմը անշեղօրէն կը կատարուի, իսկ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, ընդհանուր առմամբ, կը մնայ կայուն ու հանգիստ:

Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Նիկոլ Փաշինեան ու Իլհամ Ալիեւ բարձր գնահատած են շփման գծին վրայ եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով ռուս խաղաղապահ զօրակազմի արդիւնաւէտ գործողութիւնները: Շօշափուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի տնտեսական ու փոխադրային կապերու ապաշրջափակման հետ կապուած հարցեր: Այս շրջածիրէն ներս դրականօրէն մատնանշուած է երեք երկիրներու փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող Աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment