Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Օննիկ Գասպարեանը Ազատելու Հարցը Կը Գտնուի Վարչապետի Իրաւասութեան Ծիրէն Ներս. Ըսած է Արմէն Սարգսեան

Օննիկ Գասպարեանը Ազատելու Հարցը Կը Գտնուի Վարչապետի Իրաւասութեան Ծիրէն Ներս. Ըսած է Արմէն Սարգսեան

by MassisPost

Վարչապետ – Գլխաւոր շտաբի պետ առճակատումը երկու շաբաթէ ի վեր կը շարունակուի՝ այն պահէն երբ զինուորականները Օննիկ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ պահանջեցին վարչապետի հրաժարականը:

Յայտարարութիւնը ռազմական յեղաշրջման փորձ որակած Փաշինեանը ի պատասխան, Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնակութեան գործընթաց սկսաւ: Նախագահը առարկութիւններով վերադարձուց հրամանագրի նախագիծը, սակայն վարչապետը կրկին պնդեց Գասպարեանի պաշտօնանկութեան միջնորդութիւնը: Անկէ յետոյ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ չէ ստորագրած, բայց Սահմանադրական Դատարան ալ չէ դիմած: Փոխարէնը խօսեցաւ միանգամայն այլ՝ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի սահմանադրականութեան հարցով ՍԴ դիմելու մտադրութեան մասին:

Հակառակ ոը, այդ յայտարարութենէն 5 օր անցած է, ՍԴ-էն Մարտ 9-ին, «Ազատութիւն» ռատիկոյանին յայտնած են որ, վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն որեւէ դիմում չեն ստացած: Իսկ Սահմանադրութիւնը կ’ըսէ՝ եթէ Նախագահը պաշտօնանկութեան հրամանագիրը չստորագրեր, բայց ՍԴ ալ չի դիմեր, համապատասխան աքթը ուժի մէջ կը մտնէ իրաւունքի ուժով:

Մարտ 9-ին հրապարակուեցաւ Փաստաբաններու Պալատին նախագահ Սարգսեանի կողմէ յղուած նամակը, որուն մէջ ըսուած է,- «Ներկայումս Օննիկ Գասպարեանին ազատելու հարցը թէ՛ իրաւական ընթացակարգերի, թէ՛ սահմանադրական պատասխանատուութեան, թէ՛ քաղաքական հետեւանքների առումով, գտնւում է վարչապետի իրաւասութեան եւ հայեցողութեան շրջանակներում»:

ՍԴ-էն ներս գործերու քննութիւնը կրնայ ամիսներ տեւել, նախագահը յոյս յայտնած էր, որ երբ դիմէ, «Զինուորական ծառայութեան մասին» օրէնքի վերաբերեալ, ՍԴ-ի որոշումը թէ՛ իրաւական որոշակիութիւն կը մտցնէ եւ թէ՛ կը նպաստէ ճգնաժամի հանգուցալուծման:

Իշխանական «Իմ քայլ»էն Ազգային ժողովի փոխխօսնակ՝ Ալեն Սիմոնեան պնդած է, որ ժամկէտը, որու ընթացքին նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու վարչապետի միջնորդութեան սահմանադրականութեան հարցով կարող էր դիմել ՍԴ, անցած է, ուստի ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետը պաշտօնէն այլեւս ազատուած է իրաւունքի ուժով:

«Նախագահը մինչ այս պահը որեւիցէ ձեւով վարչապետի որոշումը չի բողոքարկել եւ չի էլ ստորագրել: Իսկ օրէնքը յստակ նշում է, որ այդ պարագայում օրէնքը իրաւունքի ուժով սկսում է գործել», – ըսած է Սիմոնեան:

Միւս կողմէ, «Հրապարակ» օրաթերթը կը գրէ, որ Գասպարեանը նստավայրէն դուրս պիտի չգայ: Ալեն Սիմոնեան յայտարարած է, որ անօրինական գործողութիւնները իրաւական հետեւանքներ կ’ունենան. – «Անօրինական գործողութունը իրենից բխեցնում է իրաւապահների արձագանգ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment