Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 123-ով՝ հասնելով 168 300-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Փետրուար 9-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի պաշտօնական կայքէջի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 293-ով եւ հասած 160169-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 2 269 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասած է 668 464-ի:
Առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդը ունեցած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 3126-ի, եւս 784 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 4221 մարդ։