Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Աւելի Քան 50 000 Արցախցի Վերադարձած Է Արցախ. Նախարար Ժիրայր Միրզոյեան Կը Մանրամասնէ Ծրագիրները

Աւելի Քան 50 000 Արցախցի Վերադարձած Է Արցախ. Նախարար Ժիրայր Միրզոյեան Կը Մանրամասնէ Ծրագիրները

by MassisPost

Արցախցիներու վերադարձի գործընթացքը բաւական աշխոյժ  կ’ընթանայ: «Արմէնբրես»–ի հետ զրոյցին հետ Արցախի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար՝ Ժիրայր Միրզոյեան նշեց, որ արդէն 50 հազարէն աւելի արցախցի վերադարձած է Արցախ:

«Ստեփանակերտում ու շրջաններում են բնակւում նաեւ այն արցախցիները, որոնց բնակարանները գտնւում են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ անցած տարածքներում: Վերադարձողների առաջին կանգառը Ստեփանակերտն է, որտեղ կազմակերպւում է նրանց տեղափոխումն իրենց բնակավայրեր: Շրջանների հետ կապուած, ով երթեւեկութեան խնդիր ունի, դիմում է կառավարութեանը եւ տեղափոխումը կազմակերպւում է»,-ըսաւ նախարարը:

Դիտարկման, թէ դժգոհութիւններ կան այն հարցի հետ կապուած, որ բնակիչները կու գան Ստեփանակերտ եւ այնտեղ անոնց դիմաւորող չկայ ու շատերը չեն գիտեր ինչ ընեն, Ժիրայր Միրզոյեան պատասխանեց, որ պատասխանատու կայ, որ տեւական կը հերթապահէ Վերածնունդի հրապարակը:

«Եթէ  խօսքը կազմակերպուած տեղափոխութիւնների մասին է, ապա միշտ դրանք համակարգուած են եղել, սակայն շատերը իրենց նախաձեռնութիւնով են գալիս, այդ դէպքում մենք շատերի վերադարձի մասին չենք իմանում: Եթէ նախապէս տեղեկացնեն, ապա, բնականաբար, կը դիմաւորենք: Բայց նորից եմ ասում, արդէն մշտական պատասխանատու կայ Վերածննդի հրապարակում»,-ըսաւ նախարարը:

Արցախ վերադարձած արցախցիները, որոնց տուները պահպանուած են, կ’երթան իրենց տուները: Անոնք, որոնց տուները վերանորոգման կարիք ունին, պէտք է դիմեն Քաղաքաշինութեան նախարարութեան: Գերատեսչութիւնը անհրաժեշտ հարցերով կ’աջակցի: Այն ընտանիքները, որոնց տուները չեն պահպանուած կամ մնացած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները, կը տեղաւորուին ժամանակաւոր կացարաններ: Անոնք՝ հիւրանոցներ են, որոնց  90 տոկոսը արդէն լրացուած է, յարմարեցուած տարածքներ եւ հանրային շէնքեր: Բաւական մեծ քանակով ընտանիքներ տեղաւորուած են գիւղերու այն տուները, որոնք նախապէս ազատ եղած են: Արցախի կառավարութիւնը սկսած է վարձակալութեան սկզբունքով տուներ տրամադրել բնակարաններ կորսնցնողներուն: Քարվաճառի եւ միւս տարածքներու բնակիչները, որոնք հրադադարէն յետոյ կորսնցուցած են իրենց բնակարանները, պէտք է դիմեն տարածքային մարմիններուն, որոնք հաշւառում կը կատարեն եւ կը փորձեն ժամանակաւոր կացարաններ տրամադրել: Նախարարը տեղեկացուց, որ առաջիկային Արցախի մէջ մեծ ծաւալի բնակարանաշինութեան ծրագիր պիտի սկսի:

Նախարարը վստահեցուց, որ Արցախ վերադարձողներուն կը տրամադրուին նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային պարագաներ: Ներկայ խնդիրներէն մէկը այն է, որ դեռ ամբողջ ծաւալով չեն գործեր էլեկտրամատակարարման, կազամատակարարման համակարգերը, որովհետեւ դեռ ամբողջութեամբ վերականգնուած չեն: Ժիրայր Միրզոյեանի խօսքով՝ այդ ուղղութեամբ եւս աշխատանքները շատ աշխուժօրէն կ’ընթանան:

Ինչ կը վերաբերի դիտարկման, որ խանութները ապրանքներու պակաս կայ, նախարարը նշեց, որ այդ եղած է, այս պահուն ալ կայ, սակայն անհանգստացնող չէ:

Անդրադառնալով առաջիկային արցախցիներու վերադարձին՝ նախարարը նշեց, որ այդ գործընթացքը պէտք է համաձայնուած ըլլայ տեղական իշխանութիւններու հետ, որովհետեւ անմիջապէս չեն կարողանար բոլորին բնակարանով կամ կացարանով ապահովել: Անոր համար կարեւոր է, որ վերականգնման աշխատանքներուն զուգահեռ այդ գործընթացքը կատարուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment