Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Համոզուած Է, Որ Երեւանը Կը Կատարէ Յայտարարութեամբ Ստանձնած Պարտաւորութիւնները

Մոսկուան Համոզուած Է, Որ Երեւանը Կը Կատարէ Յայտարարութեամբ Ստանձնած Պարտաւորութիւնները

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով այսօր՝ Նոյեմբեր 12-ին յայտարարեց, որ Մոսկուան համոզուած է, որ պաշտօնական Երեւանը կը կատարէ Նոյեմբեր 10-ին ստորագրած յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Երէկ նախագահ Փութինը հաղորդակցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, այսօր առաւօտեան ես հաղորդակցած եմ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին հետ: Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամբողջութեամբ կը հասկնայ իր պատասխանատուութիւնը եւ կը հասկնայ, որ ստորագրած է այս փաստաթղթի տակ իր ազգի բարձրագոյն շահերուն համար, – ըսած է Լաւրով` աւելցնելով, – ես համոզուած եմ, որ այս համաձայնագիրի ամբողջականութիւնը կը պահպանուի եւ կ’իրագործուի։ Յամենայն դէպս, ես կը տեսնեմ, որ Հայաստան կան բազմաթիւ քաղաքական ուժեր, որ կը հասկնան, թէ ինչ կը կատարուի եւ ճիշդ հետեւութիւններ կ’ընեն»։

Լաւրով այսօր իր խօսքին մէջ նկատել տուած է, թէ Մոսկուայի մէջ կը տեսնեն, որ այս համաձայնագրի հետեւանքով Հայաստանի մէջ սկսած են բողոքի հաւաքներ, եւ նոյնիսկ կը հասկնան, որ փողոց դուրս ելած մարդոց մէջ կան անոնք, որոնք անկեղծօրէն ցաւ կ’ապրին։ Սակայն ասոր հետ մէկտեղ ան շեշտած է, որ իշխանութիւնները պէտք է ժամանակին բացատրէին բնակչութեան, որ հնարաւոր չէ անվերջ պահել եօթ շրջաննները, եւ որ զանոնք պէտք էր վերադարձնել։

Լաւրով այսօր խօսած է նաեւ Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին` ըսելով, որ անհրաժեշտ է քննարկել կարգավիճակի հետ կապուած բոլոր հարցերը` հաշուի առնելով բոլոր մարդոց իրաւունքները, այնտեղ ապրող մարդոց, եւ այն մարդոց, որ այնտեղ ապրած են եւ պէտք է վերադառնան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment