Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները եւ Արցախեան Ազատամարտը

Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները եւ Արցախեան Ազատամարտը

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մեր խորհրդածութիւնները սկսինք հարցումով մը:

Կարելի՞ է զուգահեռներ տեսնել Հայ-Ռուսական եւ Հայ-Բիւզանդական յարաբերութիւններու միջեւ: Բագրատունեաց Հայաստանը կը գտնուէր Բիւզանդական կայսրութեան ծայրամասին: Ներկայ Հայստանը կը գտնուի Ռուսական ազդեցութեան գօտիի ծայրամասին (Չմոռնալով, որ Սովետական Հայաստանը կը գտնուէր Սովետական Միութեան ծայրամասին): Բիւզանդիոն հաշտ չէր անկախ ու զօրաւոր Հայաստանի գոյութեամբ եւ ամէն գնով կ’ուզէր իրեն ենթարկել Հայաստանը: Ռուսիոյ պարագան տարբեր չէ: Բիւզանդիոն տապալեց Բագրատունեաց Հայաստանը 1045-ին, բայց միայն 16 տարիներ ետք, 1071-ին ահաւոր պարտութիւն կրեց սահմանամերձ Մանազկերտի մէջ, որ դուռը բացաւ Հայաստանի վրայով Սելճուկեան ներթափանցման, որը 1453-ին յանգեցաւ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման եւ Բիւզանդական կայսրութեան անկման: Ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի տապալումը նոյնքան աղիտաբեր կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ համար:

Ուրեմն ի՞նչպէս բացատրել Ռուսիոյ վարանողական դիրքը ի տես Արցախի վրայ Ազերի-Թրքական յարձակման: Ի՞նչու Ռուսիա կը նախընտրէ ունենալ Ռոպերթ Քոչարեանական-Սերժ Սարգսեանական ճորտ Հայաստան մը, զուրկ Հայաստանի ժողովուրդին ու աշխարհացրիւ հայութեան ամբողջական նեցուկէն, քան թէ հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութեամբ ղեկավարուող արժանապատիւ Հայաստան մը: Ի՞նչու այս Բիւզանդական կործանիչ մտայնութիւնը: Ի՞նչու այս Լոպանովեան-ցարական «Հայաստան Առանց Հայի» քայքայիչ մտայնութիւնը: Երբ 11րդ դարու եւ 19րդ դարու մտայնութիւնները փաստած են իրենց սնանկութիւնը, ի՞նչու 21րդ դարուն փորձել առաջնորդուիլ նոյն մտայնութեամբ:

Հայաստանն ու հայութիւնը շատ լաւ կը գիտակցին Ռուսական թիկունքի անհրաժեշտութեան, ընդդէմ Ազերի-Թրքական ցեղասպանական ախորժակներուն: Բայց այդ երբէք պէտք չէ ըլլայ ի հաշիւ Հայաստանի ենթակայացման: Ընդհակառակը, Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայութեան թիկունքն ու վստահութիւնը վայելող անկախ եւ հզօր Հայաստան մը շատ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ, քան թէ բարոյազուրկ եւ ճորտ Հայաստան մը:

Դժբախտաբար, դարերու ընթացքին օտար մեծ պետութիւններ յաջողած են շահագործել մեր մէջէն մասնիկներ, անոնց միջոցաւ իրենց տիրապետութիւնը հաստատելու մեր ամբողջ ժողովուրդին վրայ: Այդպիսով է, որ անոնք երկպառակութիւն յառաջացուցած են մեր մէջ, բաժնելով մեզ եւ տիրելով մեր վրայ: Այս եղած է գլխաւոր պատճառներէն մին, որ մենք հարիւրամեակներով զրկուած եղած ենք մեր անկախ պետականութիւնը ունենալու անհրաժեշտութիւնէն ու ենթարկուած օտարի լուծին: Այս եղած է գլխաւոր պատճառներէն մին մեր տկար մնալուն եւ շահագործուելուն: Այս պրիսմակէն դիտած պէտք է հասկնալ Հոկտեմբեր 27, 1999-ի ոճիրի աղիտալի հարուածը մեր նորանկախ պետականութեան ու անոր յաջորդած քսանամեայ արիւնաքամութիւնը: Այս պրիսմակէն դիտած նաեւ պէտք է հասկնալ անցեալ շաբաթ Հայաստանի արտախորհրդարանական 14 կուսակցութիւններու յայտարարութիւնը, որ այպանելի կը գտնենք մանաւանդ այս օրհասական օրերուն:

Ուրեմն դարձեալ հարց տանք. ի՞նչպէս բացատրել Ռուսիոյ վարանողական դիրքը ի տես Արցախի վրայ Ազերի-Թրքական յարձակման: Արդեօ՞ք անոնք կը յուսային տեսնել «ըմբոստ» Փաշինեանի կառավարութեան անճրկումը եւ ուրեմն իրենց հաւատարիմ նախկին ճորտերու վերադարձը: Եթէ այդպէս է, ապա իրենց յոյսերը ի դերեւ ելան, ի տես մեր քաջարի զինուորներու սխրագործութեանց, ի տես թշնամին դիմագրաւելու Հայաստանի ժողովուրդի անսակարկ պատրաստակամութեան եւ անձնուիրութեան, ի տես աշխարհացրիւ հայութեան մէկ մարդու նման ոտքի կանգնելուն եւ Հայաստանին սատարելուն: Այն փաստը, որ երեք շաբթուան ընթացքին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին եղած նուիրատուութիւններու քանակը մօտեցաւ անոր գոյութեան 28 տարիներու ընթացքին հաւաքուած նուիրատուութեանց քանակին, ինքնին պեճախօս երեւոյթ մըն է Փաշինեանի կառավարութեան վայելած համազգային վստահութեան: Այս փաստին դիմաց երբ ի մտի կ’ունենանք Քոչարեան-Սարգսեան իշխանութեանց տարիներուն յափշտակուած միլիարդաւոր տոլարներու գրպանումը (որ պէտք է նպաստէր երկրի տնտեսական, զինուորական, եւ այլ մարզերու յառաջխաղացքին), ապա դաւաճանութեան համազօր պիտի ըլլայ որեւէ ձեւով նախկիններու ոչ թէ վերադարձը, այլ  վերարժեւորումն իսկ: Այս փաստը ինքնին պէտք է մղէ Ռուսիան վերատեսութեան ենթարկելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր մօտեցումը եւ առնուազն թիկունք կանգնելու Հայաստանին, գէթ այնքանով որքան Թուրքիան թիկունք է Ազրպէյճանին:

Այսքանը՝ ներ-հայկական դիտանկիւնէն: Ինչ կը վերաբերի շրջանայինին, բացայայտ է, որ Ազերի-Թրքական յաջողութիւն մը Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, իր աղիտաբեր հետեւանքները պիտի ունենայ Ռուսիոյ վրայ: Մենք կը խորհինք, որ Թուրքիան ԱՄՆ-ի «օրհնութեամբ» շղթայազերծեց այս պատերազմը, նպատակադրելով անկայունութիւն ստեղծել Ռուսիոյ եւ Իրանի համար, որ օգտակար պիտի ըլլայ իրենց, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի համար: Շատ հաւանական է, որ Էրտողանը փորձեց շահագործել այս «արտօնութիւնը», խաղի մէջ ներառելով իր շահերուն նպաստող փորձարկութիւններ: Այդ կը թելադրէ անոր հովանաւորութեամբ իսլամ ահաբեկիչներու ընդգրկումը այս պատերազմին եւ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ առաջարկուած հրադադարներու անմիջական խախտումը: Որ ուրիշ մտահոգութիւն մըն ալ կը պատճառէ: Արդեօ՞ք Ռուսիան կորսնցուցած է իր նախկին մենաշնորհը, իր կամքը պարտադրելու շրջանի տարածքին վրայ: Արդեօ՞ք անոր ներքին եւ արտաքին խնդիրները արգելք կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ անոր ազատ գործունէութեան: Ու՞ր է այն սահմանը, որ պիտի ստիպէ Ռուսիոյ աւելի կտրուկ միջոցներու դիմելու, պաշտպանելու համար իր կենսական շահերը: Ռուսիան կը գիտակցի Թրքական գործունէութեան պատճառով այն հետզհետէ կուտակուուղ վտանգներուն, որոնք կը սպառնան իր ազգային շահերուն, բայց առայժմ վերապահ կը մնայ կտրուկ միջոցներու դիմելէ: Ասիկա ի՞նչպիսի ազդանշան կը ղրկէ Հայաստանին, ճշտելու համար իր արեւելումը:

Երբ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եւ ասոր ետին գտնուող Թուրքիան համամիտ չեն գտնուիր ու արգելք կը հանդիսանան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսական խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման, ասիկա ցոյց կու տայ Ռուսական ազդեցութեան տկարացումը տարածաշրջանին մէջ: Այս երկիրներէն ամէն մէկը իր շահերէն մեկնած է, որ այս դիրքորոշումը կ’որդեգրէ: Հայաստան կը զգուշանայ հարիւրամեակ մը առաջ Արցախի (եւ Նախիջեւանի) կորուստի կրկնութիւնէն: Իսկ Ազրպէյճանը, որ ենթակայ դարձած է Թուրքիոյ, կը հետապնդէ անոր թափանցումը դէպի Միջին Ասիա: Ահա այսպիսի իրավիճակի մը մէջ մեզի համար Մինսքի եռակողմ խմբակի հովանաւորութիւնը կը մնայ լուծման ամենայարմար տարբերակը: Այդ երեք ուժերու ներկայութեամբ հովանաւորուուղ հաւասարակշռութիւնը շատ աւելի նպաստաւոր է մեր պետական շահերուն համար, քան թէ մէկուն կամ միւսինը առանձին:

Մինսքի խմբակի կարեւորութիւնը նշելով հանդերձ, մենք պէտք չէ մտահան ընենք ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ազդակը՝ համազգային  ուժերու լարումով պայքար մղելը: Հազարամեակներու մեր պատմութիւնը պէտք է մեր բոլորի մտքերուն մէջ քանդակած ըլլայ այդ իրողութիւնը: Օտարներ կրնան մեզի Սեւր խոստանալ, բայց պիտի չշարժին իրենց նստած աթոռներէն եթէ մենք ազգային պայքար չմղենք: Այդ է որ կ’ընենք 27 օրերէ ի վեր ու պիտի շարունակենք մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Անցած 27 օրերու ընթացքին, այո՛, ի գին ահաւոր կորուստներու, մենք փաստեցինք, որ ատակ ենք մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերով տնօրինելու: Անցած 27 օրերու մեր պայքարով փաստեցինք, որ վերադարձ չի՛ կրնար ըլլալ դեպի Ազրպէյճանի ցեղասպանական լուծը: Անցած 27 օրերու մեր պայքարով փաստեցինք, որ Արցախը իրաւասու է ինքնորոշմամբ կերտելու իր ապագան: Անցած 27 օրերու մեր պայքարով փաստեցինք, որ ատակ ու արժանի ենք մեզի եւ մեր յաջորդ սերունդներուն համար կերտելու արժանապատիւ ապագայ մը մեր դարաւոր հողերուն վրայ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment