Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ոչ Եւս Է Ընկ. Տիգրան Սարաֆեան

Ոչ Եւս Է Ընկ. Տիգրան Սարաֆեան

by MassisPost

Հոկտեմբեր 7-ին, 93 տարեկանին Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ, Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) երկարամեայ ատենապետ եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատմագիրքերու հեղինակ Ընկ. Տիգրան Սարաֆեանը:

Ընկ. Սարաֆեան իր ամբողջ գիտակցական կեանքի ընթացքին եղաւ հաւատաւոր անդամը իր պատկանած Կուսակցութեան ու նուիրեալը անոր գաղափարախօսութեան: Ան Միջին Արեւելքի Հայ համայնքներէն ներս երկար տարիներ ծառայեց սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին:

Կեանքի վերջին տարիներուն Ընկ. Սարաֆեան հասցուց գրելու Հ.Մ.Մ.-ի պատմութիւնը` երկու հատորներով:

Ան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան եւ ազգային համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման գծով:

Տիգրան Սարաֆեան կեանքէն կը հեռանայ իր ետին ձգելով կուսակցական, ազգային հասարակական ու մարզական բնագաւառներուն մէջ հարուստ ժառանգութիւն մը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment