Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի Տնօրէն Վարուժան Աւետիքեանի Առցանց Մամլոյ Ասուլիսը

Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի Տնօրէն Վարուժան Աւետիքեանի Առցանց Մամլոյ Ասուլիսը

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան, յատուկ Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական լրատուամիջոցներուն համար անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ առցանց մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի տնօրէն Վարուժան Աւետիքեան ներկայացուց Հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան Արմէն Բայբուրդեան ներկայացնելով բանախօսին ու շեշտելով Հիմնադրամի կարեւոր աշխատանքը եւ անոր իրագոծումները։

Խօսելով Երեւանէն, Պր. Աւետիքեան պատմականը ըրաւ հիմնադրամի ստեղծման, հետագայ գործունէութեան եւ ներկայացուց Հայոց բանակի զոհուած ու վիրաւոր ծառայողներուն տրուող օժանդակութիւնը եւ անոնց ձեւաչափերը:

Զինծառայողներու Ապահովագրութեան հիմնադրամը ստեղծուած է Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին զոհուած եւ վիրաւոր հերոսներուն ու անոնց ընտանիքներուն կայուն ապահովագրական հատուցումներ տրամադրելու նպատակով:

2017-ի Յունուար 1-էն ասդին Հիմնադրամը հատուցումներ կը տրամադրէ իւրաքանչիւր զոհուած զինծառայողի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ մարտական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինծառայողներուն:

Վարուժան Աւետիքեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ աշխատող իւրաքանչիւր անձ, Հիմնադրամին պարտադիր կը փոխանցէ ամսական 1000 դրամ, որ հաւասար է 2 Տոլարի, այդպիսով ապահովագրելով զինուորներու կեանքը եւ փոքր շնորհակալութիւն յայտնելով այն տղաներուն, որոնք Հայրենիքի համար պայքարելու ընթացքին կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին եւ այլեւս անկարող են ապահովելու իրենց ընտանիքի անդամներուն ապրուստը:

Հիմնադրամի առաքելութիւնն է նաեւ իւրաքանչիւրին Հայուն խրախուսել սատար կանգնելու հայկական բանակի քաջերուն` նուիրատուութիւն կատարելով Հիմնադրամին:

Պր. Աւետիքեան տեղեկացուց, որ իւրաքանչիւր զոհուած ծառայողի եւ առաջին կարգի հաշմանդամ դարձողի ընտանիքին անմիջապէս կը տրամադրուի 20 հազար տոլար, առաւել` ամսական 400-600 տոլար մինչեւ 20 տարի: Աւելի նուազ գումարներ կը տրուին վիրաւոր զինուորներուն:

Հիմնադրամը կաշխատի բացարձակ թափանցիկութեան սկզբունքով եւ Հիմնադրամի կայքի միջոցով կարելի է տեսնել իւրաքանչիւրի կողմէ կատարուած թէ՛ պարտադիր վճարումները եւ թէ՛ նուիրատուութիւնները: Որեւէ պահուն կարելի է տեսնել նաեւ Հիմնադրամի կողմէ հաւաքագրուած միջոցներու եւ կատարուած հատուցումներուն չափը:

Տնօրէնը տեղեկացուց, որ մինչեւ օրս Հիմնադրամը ունեցած է 54 միլիոն տոլարի եկամուտ, որուն շնորհիւ նպաստ կարելի եղած է տալ 2008 թուականէն ասդին բոլոր զոհուած եւ վիրաւորուած զինծառայողներուն: Մօտ 400 հոգիներու պարագային տրամադրուած են իրենց հասած նպաստները: Ան աւելցուց նաեւ որ, այժմ կը ծրագրուի աւելի ետ երթալ ու նպաստ տրամադրել 1998 թուականէ սկսեալ զոհուածներուն, յոյս յայտնելով որ, օրին մէկը կարելի կը դառնայ աւելի ետ երթալ՝ մինչեւ Արցախեան ազատամարտը:

Մինչեւ օրս Հիմնադրամը ստացած է 600 հազար տոլարի նուիրատուութիւններ՝ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն, որոնք վերջին տաւուշեան պատերազմին յաջորդող օրերուն մեծ թափ ստացած են:

Պր. Աւետիքեան տեղեկացուց նաեւ որ, Հիմնադրամը ամէն տարի ստուգման կ՛ենթարկուի միջազգային հաշուապահական ընկերութեան մը կողմէ:

Պր. Աւետիքեան կոչ ըրաւ այցելելու Հիմնադրամի կայքէջ` www.1000plus.am եւ հոն ծանօթանալ բոլոր ծրագիրներուն, նուիրատուներու ցանկին եւ այլ մանրամասնութիւններու` Հայերէն, Անգլերէն եւ այլ լեզուներով:

Վերջաւորութեան Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի Տնօրէն՝ Վարուժան Աւետիքեան պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն:

Մամլոյ ասուլիսը վարեց Հիւպատոսութեան մամուլի հետ կապերու պատասխանատու Լիլիթ Սեդրակեանը:

Գ. Խոտանեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment