Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼՀԿ-ն ու ԲՀԿ-ն դիմած Են «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարի Հանգամանքները Քննող Յանձնաժողով Ստեղծելու Համար

ԼՀԿ-ն ու ԲՀԿ-ն դիմած Են «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարի Հանգամանքները Քննող Յանձնաժողով Ստեղծելու Համար

by MassisPost

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները ԱԺ-ի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանին ուղարկած են նոր «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու, այդ ժահրի դէմ պայքարի, համաճարակի հետեւանքներու մեղմացման կամ վերացման ուղղութեամբ Կառավարութեան եւ պարէտատան կատարած միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը ուսումնասիրող ԱԺ-ի քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու մասին դիմում։ Այս մասին ֆէյսպուքեան գրառումով յայտնած է Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան:

Ան նշած է, որ յանձնաժողովը պէտք է ուսումնասիրէ նաեւ արտակարգ դրութեան ժամանակամիջոցին մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու սահմանափակումներու արդիւնաւէտութիւնն ու իրաւաչափութիւնը:

Պատգամաւորին փոխանցումով` ստեղծուող քննիչ յանձնաժողովը կը նախագահէ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութենէն Արքատի Խաչատրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment