Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 596-ով, Գրանցուած է Մահուան 7 Նոր Դէպք

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 596-ով, Գրանցուած է Մահուան 7 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին,  «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 596-ով՝ հասնելով 11817-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 7 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Յունիս 5-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 45-ով եւ հասած 3513-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 65161:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 183-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 69 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 8052 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment