Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Արձանագրուած Է «Քորոնա» Ժահրով Վարակի 48 Նոր Դէպք, Մահացած է 2 Քաղաքացի

Հայաստան Արձանագրուած Է «Քորոնա» Ժահրով Վարակի 48 Նոր Դէպք, Մահացած է 2 Քաղաքացի

by MassisPost

Հայաստան արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 48 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ Առողջապահական Նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը: Հայաստան Ապրիլ 20-ի ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը կազմած է 1339, արձանագրուած է մահուան 22 դէպք (աւելցած է եւս 2 դէպք): Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 13 հազար 373 հետազօտութիւն։ Ապաքինուողներուն թիւը աւելցած է 35-ով, եւ բուժուողներու գումարային թիւը դարձած է 580։

Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 737 հիւանդ: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ մահացողները եղած են 62 եւ 90 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Հայաստանի կառավարութիւնը Ապրիլ 14-ին կայացած արտահերթ նիստին, ընդունեց hանրապետութեան մէջ 2020 թուականի Մարտ 16-ին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը, 2020 թուականի Ապրիլ 14-ի ժամը 17:00-էն` 30 օրով՝ մինչեւ 2020 թուականի Մայիս 14-ի ժամը 17:00-ը երկարաձգելու որոշում ։ Երկրին մէջ կը կիրառուի խիստ սահմանափակումներու  կանոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment