Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած 136 Դէպքերէն 112-Ը Փոխկապակցուած են Էջմիածնի եւ Արտադրամասի Դէպքերուն Հետ

«Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած 136 Դէպքերէն 112-Ը Փոխկապակցուած են Էջմիածնի եւ Արտադրամասի Դէպքերուն Հետ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին աճած է եւս 14-ով՝ հասնելով 136-ի: Այս մասին կը յայտնէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի պաշտօնական կայքէջը:

«Քորոնա» ժահրի հաստատուած 136 դէպքերէն 112-ը փոխկապակցուած են Էջմիածնի եւ Շենգավիթի արտադրամասի դէպքերուն հետ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան:

«Հանրագումարով հաստատուած 136 դէպքից 112-ը փոխկապակցուած են երկու առաջնակի դէպքերի հետ»,- գրած է Նիկողոսեան: ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքով 16 Մարտ, 2020 թուականի ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլ, 2020 թուականի ժամը 17:00-ին:

Հայաստանի «Քորոնա» ժահրի հաստատուած առաջին դէպքը գրանցուած էր 1 Մարտին: Քաղաքացին Հայաստան եկած էր Իրանէն: Ան ապաքինուած է եւ դուրս գրուած: Առաջին դէպքերէն մէկը արձանագրուած է Էջմիածին, միւսը՝ Շենգավիթ՝ արտադրամաս. երկու դէպքերուն ալ վարակակիրը եկած էր Իտալիայէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment