Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութեան Որոշումով Հայաստանի Ամբողջ Տարածքին Վրայ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած է

Կառավարութեան Որոշումով Հայաստանի Ամբողջ Տարածքին Վրայ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած է

by MassisPost

Կառավարութեան որոշումով Հայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ 16 Մարտի 18:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլը սահմանուեցաւ արտակարգ դրութիւն:

«Արգելուում է միայն այն քաղաքացիների մուտքը, ովքեր առողջապահութեան նախարարի որոշմամբ գալիս են այն երկրներից, որտեղ համաճարակային իրավիճակը ծանր է կամ վերջին 14 օրուայ ընթացքում գտնուել են այդպիսի երկրներում, եւ պարէտը   (Համակարգող, կազմակերպող) առանձին դէպքերում կարող է սահմանել որոշ բացառութիւններ», – յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ նախագիծին, արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմը գործելակերպը ապահովող ուժերու եւ միջոցներու միասնական ղեկավարումը կատարելու նպատակով, կը ստեղծուի պարետատուն, որու ղեկավարման համար պարէտ կը նշանակուի փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանը:

Կառավարութեան նիստի ընթացքին վարչապետը նշեց, որ ըստ էութեան ՀՀ քաղաքացիներուն կ’արգիլուի ելքը ցամաքային ուղղութիւններով, իսկ օդային եղանակով տարածքը լքելու պարագային քաղաքացիները կ’անցնին կարանտին:

Արտակարգ դրութիւնը կը սահմանէ նաեւ փոխադրական միջոցներու զննում, անոնց մուտքի եւ ելքի արգելք, համապատասխան համայնքի վարչական սահման մուտք գործելու եւ տարածքէն դուրս ելլելու, յատուկ ռեժիմէն բխող միջոցառումներու կատարումը կ’ապահովեն ՀՀ ոստիկանութեան համապատասխան ստորաբաժանումները, Առողջապահութեան, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու, Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի, Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնի, մարզպետարանի եւ համայնքապետարանի ներկայացուցիչները, իսկ պարէտի ցուցմունքով, նաեւ պետական կառավարման համակարգի այլ մարմիններ:

Յատուկ ռեժիմը իրագործելու համար, կրնայ ըլլալ տեղադրուին յատուկ անցակէտեր եւ զննման կէտեր, ուր բժշկական հսկողութիւն ու զննութիւն կը կատարուին բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում իրագործողներու, Առողջապահութեան նախարարութեան, Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի, Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնի եւ պետական կառավարման համակարգի այլ մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ: Անցակէտերու եւ զննման կէտերու անվտանգութիւնն եւ ռեժիմի պահպանութիւնը պիտի ապահովէ Ոստիկանութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 52 դէպք կայ: 19-ը Էջմիածնի հետ կապուած է, մէկ հոգին բուժուած է: 10 հոգիէն 3-ը «Կոլտըն փալես» մեկուսացուած են, միւս 3-ը Երեւանի արտադրական ձեռնարկութիւններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած դէպքերն են, որոնք մեկուսացուած են, 4-ը առանձին տարածման դէպքեր են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment