Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Այո»-Ն Յառաջիկայ Հանրաքուէին Անհրաժեշտ Քանակութեամբ Ձայներ Կը Ստանայ. «Իմ Քայլը»

«Այո»-Ն Յառաջիկայ Հանրաքուէին Անհրաժեշտ Քանակութեամբ Ձայներ Կը Ստանայ. «Իմ Քայլը»

by MassisPost

Հաշուի առնելով հասարակութեան մէջ տիրող տրամադրութիւնը, ես կասկած չունեմ, որ «ԱՅՈ»-ն անհրաժեշտ քանակութեամբ ձայներ կը ստանայ առաջիկայ հանրաքուէին Հայաստանում: Այս մասին 9 Մարտի Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցած աւանդական ճեպազրոյցի ժամանակ ըսաւ «Իմ քայլը» իշխող դաշինքի պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանը:

Պատգամաւորը նշեց, որ, չնայած դեռ չէ հասցուցած քարոզչութիւն կատարել մարզերուն մէջ, սակայն այցելելով երեւանեան Չորորդ գիւղ եւ Նոր Նորք, իր մօտ այնպիսի տպաւորութիւն յառաջացած է, որ գրեթէ բոլորը գիտեն, որ Հայաստանի մէջ հանրաքուէ տեղի կ’ունենայ: «Քաղաքացիները տեղեկացուած էին այդ մասին», – շեշտեց պատգամաւորը:

Ըստ անոր, իրենց հանդիպած 100 մարդէն 98-ը «ԱՅՈ»-ի կողմնակից էին: Ինչպէս նշեց իշխող դաշինքի պատգամաւորը, այս իրենց վստահութիւն կը ներշնչէ, որ իրենք կը ստանան համաքաղաքացիներու անհրաժեշտ քանակութեամբ ձայները:

Յիշեցնենք, որ 5 Ապրիլին, Հայաստան նշանակուած է Սահմանադրութեան մէկ յօդուածի հանրաքուէ: Իշխանութիւնները առաջարկած են վաղաժամկէտ դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի 7 եւ 9 անդամներու լիազօրութիւնները, անոնց կարգին՝ Սահմանադրական Դատարանի նախագահի, իրենց անուանումով նախկին «ռեժիմի» ներկայացուցիչներ: Փաստացի բոլոր քաղաքական ուժերը, բացի իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն եւ նախկին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի Հայ ազգային կոնկրեսէն, հրաժարուած են այս գործընթացին մասնակցելէ, զայն  նկատելով,  իրաւաբանօրէն խոցելի: Պատասխանը հաստատական կը համարուի ոչ միայն քուէարկածներու կէսին «ԱՅՈ» ըսելու պարագային, այլ ընտրացուցակներու մէջ մտած ընտրողներու ոչ պակաս քառորդ մասի, այսինքն՝ մօտ 650 հազար մարդու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment