Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Անձնագրով Առանց Վիզայի Կարելի Է Այցելել 62 Երկիր. Հրապարակուած Է 2020-Ի Վարկանշային Ցուցակը

ՀՀ Անձնագրով Առանց Վիզայի Կարելի Է Այցելել 62 Երկիր. Հրապարակուած Է 2020-Ի Վարկանշային Ցուցակը

by MassisPost

Հայաստանը 2020 թուականին Henley & Partners ընկերութեան անձնագրերու վարկանշային ցուցակին մէջ զբաղցուցած է 81-րդ տեղը, Հայաստանի քաղաքացիներն առանց վիզայի կրնան այցելել 62 երկիր: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշուած է ընկերութեան կայքին մէջ:

Առաջին տեղը զբաղեցուցած է Ճափոնը, որուն քաղաքացիներն առանց վիզայի կրնան այցելել 191 երկիր, երկրորդ տեղը կը գրաւէ Սինկափուրը՝ առանց վիզայի 190 երկիր մուտքի հնարաւորութեամբ: Երրորդ տեղը՝ Հարաւային Քորէան եւ Գերմանիան են, որոնց քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան այցելել 189 երկիր:

Հայաստանի հարեւան Վրաստանը վարկանշային ցուցակին մէջ 53-րդն է՝ աշխարհի 116 երկիր առանց վիզայի մուտքի հնարաւորութեամբ:

Հայաստանը 2019 թուականի երրորդ եռամսեակին Henley & Partners ընկերութեան անձնագրերու վարկանշային ցուցակին մէջ զբաղեցուցած էր 84-րդ տեղը՝ առանց վիզայի 60 երկիր այցելելու հնարաւորութեամբ:

Վարկանշային ցուցակը կազմուած է Օդային փոխադրութեան միջազգային միութեան տուեալներու բացառիկ   հիմքի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment