Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ Դարձաւ Պաշտօնանկութեան Ենթարկուած Երրորդ Նախագահը

Թրամփ Դարձաւ Պաշտօնանկութեան Ենթարկուած Երրորդ Նախագահը

by MassisPost

Նոյեմբեր 8, 2016-ին երբ Տանոլտ Թրամփ անակնկալօրէն ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ, գտնուեցան բազմաթիւ քաղաքական մեկնաբաններ, որոնք կանխագուշակեցին, որ իր շրջանը չաւարտած Թրամփ պիտի ենթարկուի պաշտօնանկութեան: Սակայն, ժողովուրդի մօտ կը տիրէր այն կարծիքը, որ ընտրուելէն ետք ան պիտի կարողանայ մտնել նախագահի յատուկ կաղապարին մէջ, ու շրջապատուած խորհրդականներով եւ հիմնուելով հաստատուած աւանդոյթներու վրայ պիտի դառնայ նորմալ նախագահ:

Անցնող երեք տարիները եկան փաստելու որ, Թրամփ ատակ չէ փոխուելու եւ կը շարունակէ գործել, այնպէս ինչպէս եղած է ան երկար տարիներու իր գործարարի շուկայական յարաբերութիւններուն մէջ: Դժուար է այս կարճ սիւնակին մէջ տեղաւորել Թրամփի բոլոր հակաօրինական գործողութիւններն ու արարքները, սակայն այն ինչ որ ստիպեց Ներկայացուցիչներու Տունը դիմելու պաշտօնանկութեան ծայրայեղ քայլին, Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլետեմիր Զելենսքիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան մանրամասնութիւններու բացայայտումն էր: Գոնկրէսի կողմէ Ուքրանիոյ յատկացուած 400 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնքերու մատակարարումը, Թրամփ պայմանաւորած է նախկին փոխ նախագահ եւ աժմ նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընի եւ անոր որդւոյն դէմ հետաքննութեամբ, ինչպէս նաեւ 2016 թուականի ընտրութիւններուն, Ուքրանիոյ չհաստատուած միջամտութեան շուրջ տեղեկութիւններու հաւաքագրումով:

Ամերիկեան օրէնքները կ՛արգիլեն ընտրական նպատակներով քաղաքական հակառակորդներու դէմ օտար երկիրներու օժանդակութեան դիմելը, հետեւաբար Գոնկրէսի Դեմոկրատ մեծամասնութիւնը Թրամփի այս արարքը նկատեց պաշտօնի չարաշահում: Սեպտեմբերին նախաձեռնուեցաւ նախագահի պաշտօնազրկման գործընթացը եւ աւելի քան երկու ամիս կատարուեցան հարցաքննութիւններ եւ տեղի ունեցան հրապարակային լսումներ: Այս ընթացքին Թրամփ արգիլեց Սպիտակ Տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութիւնը Գոնկրէսի աշխատանքներուն:

Դեկտեմբեր 18-ին, Ներկայացուցիչներու Տունը՝ բացառապէս Դեմոկրատներու ձայներով, քուէարկեց պաշտօնանկութեան ամբաստանագիրը՝ պաշտօնի չարաշահման եւ Գոնկրէսի օրինաւոր հետաքննութիւնը խափանելու երկու յօդուածներով:

Ամերիկայի պատմութեան մէջ այս երրորդ դէպքն է երբ նախագահ մը Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ պաշտօնանկութեան կ՛ենթարկուի: Առաջին դէպքը պատահաեցաւ 1808 թուականին, նախագահ Էնտրու Ճաքսոնի հետ, երկրորդը՝ Պիլ Քլինթընի, սակայն երկուքի պարագային ալ Ծերակոյտը չհաստատեց պաշտօնանկութիւնը եւ անոնք շարունակեցին պաշտօնավարել մինչեւ իրենց շրջանի աւարտը: 1974 թուականին նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն հրաժարական ներկայացուց Գոնկրէսի քուէարկութենէն առաջ:

Այժմ հարցը կը տեղափոխուի Ծերակոյտի Պալատ, ուր Հանրապետականները կը կազմեն մեծամասնութիւն, իսկ նախագահը իր պաշտօնէն հեռացնելու համար անհրաժեշտ է 68 ծերակուտականներու հաւանութիւնը:Այսօրուայ դրութեամբ խիստ անհաւանական է, որ Ծերակոյտը հաստատէ պաշտօնանկութեան որոշումը: Վերջնական խօսքը դարձեալ կը պատկանի Ամերիկայի ժողովուրդին, որ յառաջիկայ տարուայ Նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն պիտի գայ որոշելու Թրամփի ճակատագիրը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment