Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Ծերակոյտէն Ներս 3-րդ Անգամ Արգելափակուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Քննարկումը

ԱՄՆ Ծերակոյտէն Ներս 3-րդ Անգամ Արգելափակուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Քննարկումը

by MassisPost

ԱՄՆ Ծերակոյտը երրորդ անգամ հրաժարած է քննարկել ծերակուտականներ Մենենտեսի ու Քրուզի առաջադրած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թիւ 150 բանաձեւը: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի ձայնը:

ԱՄՆ Ծերակոյտի կանոնակարգի համաձայն օրէնսդիրները պէտք է նախ կողմ քուէարկեն բանաձեւի ընդգրկման օրակարգին, որմէ ետք միայն անցնին փաստաթուղթի բուն քննարկմանն ու քուէարկութեան:

Իր ելոյթի ընթացքին ծերակուտական Մենենտեսը յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը վերջերս ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ եւ կոչ ըրած է Ծերակոյտի իր գործընկերներուն հետեւելու ստորին պալատի օրինակին՝ կողմ քուէարկելով Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւի ընդգրկման օրակարգին:

Բանաձեւի առաջադրման սակայն դէմ հանդէս եկած է Հիւսիսային Տաքոթա նահանգէն հանրապետական ծերակուտական Քեւին Քրամըրը: Նախկին քոնկրեսական, իսկ 2018 թուականէն Ծերակոյտի անդամ Քրամըրը կը գտնէ՝ այսօր ճիշդ ժամանակը չէ բանաձեւի ընդունման համար:

«Ես կողմ եմ այս բանաձեւի ոգիին ու վստահ եմ, որ իմ 99 միւս գործընկերները եւս համամիտ են այս բանաձեւի հետ: Մենք կրնանք այն անցընել, սակայն հարցն այն է, թէ ե՞րբ պէտք այն ընել: Իմ կարծիքով այժմ հաստատ անոր ժամանակը չէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment