Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է Լիբանանի ՍԴՀԿ «Սարգիս Տխրունի» Էրիտասարդական Միութեան Անդամները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է Լիբանանի ՍԴՀԿ «Սարգիս Տխրունի» Էրիտասարդական Միութեան Անդամները

by MassisPost

Օգոստոս 25-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Լիբանանի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան «Սարգիս Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութեան 35 անդամներ, որոնք ուխտաւորաբար եկած են այցելելու Հայաստան եւ Արցախ:

Միութեան ատենապետ Տիգրան Միհրանեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան հայրական օրհնութեան համար՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մշտապէս օգտակար ըլլալու Հայաստանին եւ Արցախին: Տ. Միհրանեանը միութեան անունով նաեւ բարեմաղթանքներ յղած է Վեհափառ Հայրապետին ծննդեան տարեդարձի կապակցութեամբ:

dkhruni-catholicos-3

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը բերած է երիտասարդներուն՝ ողջունելով միութեան անդամները հայրենիք առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է, որ նման այցելութիւնները հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն ճանչնալու այն բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները, որոնք կերտած է մեր ազգը, որոնցմով ներշնչուած է ժողովուրդը՝ աւելցնելով, որ անոնց պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման պատասխանատւութիւնը դրուած է իւրաքանչիւր հայորդիի վրայ: Այս առումով Նորին Սրբութիւնը կարեւորած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնած է նաեւ երիտասարդներու հայրենասիրական ոգիի համար՝ յորդորելով առաւել մեծ սիրով եւ ազգային կեանքին մէջ լիարժէք ներգրաւուածութեամբ շարունակել ազգային արժէքներու անխաթար պահպանման եւ փոխանցման իրենց նախնիներու գործը:

dkhruni-catholicos-2

Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ այցը Հայաստան եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն նոր լիցքեր կը հաղորդէ երիտասարդներուն՝ վերափոխելով նաեւ հայրենական կեանքի վերաբերեալ անոնց ընկալումները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանած է նաեւ միութեան անդամներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին տարբեր ոլորտներու մէջ Մայր Աթոռի գործունէութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment