Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Այցելեց Ջերմուկ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Այցելեց Ջերմուկ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այցելած է Ջերմուկ: Այցի մասին տեսանիւթերը վարչապետը հրապարակած է Ֆէյսպուքի էջին, ուր նաեւ պարբերաբար ուղիղ հեռարձակումներ կատարած է:

Ջերմուկցիները վարչապետը դիմաւորեցին «Ամուլսարը հանք չի դառնար» վանկարկումներով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ջերմուկի մէջ փակ հանդիպում ունեցած է Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման դէմ պայքարող խումբ մը աքթիւիսթներու հետ: Հանդիպումէն ետք վարչապետը լրագրողներուն ըսած է, որ ոչ մէկ նոր եզրակացութեան չեն յանգած:

pashinyan-jermuk-2

Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր ուղեկցող պաշտօնեաները մեկնած են Գնդեւազ համայնք, ուր եւս հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման հարցով:

«Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը Ամուլսարի ոսկիի հանքի շինարարութիւնը սկսած էր  2016-ին՝ յայտարարելով, որ պիտի ներդնէ աւելի քան 400 միլիոն տոլար: Հանք տանող ճանապարհը արդէն մեկ տարիէ աւելի է՝ փակ է. այն շրջափակած են Ամուլսարի յարակից համայնքներու բնակիչները:

Երկուշաբթի օր բնապահպանները եւ Ամուլսարի մերձակայ բնակավայրերու բնակիչները հանքի շահագործման դէմ բողոքի ցոյց իրականացուցին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ: Նույն օրը երեկոյեան վարչապետը յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը համարէ թոյլ տալ շահագործել Ամուլսարի հանքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment