Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռազմական Անակնկալներ Պիտի Ունենանք. Դաւիթ Տօնոյեան

Ռազմական Անակնկալներ Պիտի Ունենանք. Դաւիթ Տօնոյեան

by MassisPost

Նախիջեւանի հատուածին մէջ Յուլիս 17-ին հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած կրակոցէն ետք կապ հաստատուած է ատրպէյճանական կողմի հետ: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուցած է Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:

Սահմանային որոշ հատուածներու վրայ, նախարարի գնահատմամբ, առկայ է վերահսկելի լարուածութիւն, պատճառը ճարտարապետական աշխատանքներն են․ – «Կրակոցը եղել է ոչ նպատակային, ոչ թիրախաւորող: Ամէն դէպքում մենք միջոցներ ենք ձեռնարկել, նաեւ կապ է հաստատուած հարեւանի հետ, որպէսզի չկրկնուեն էդ դէպքերը»:

Նախարարը աւելցուցած է, որ օգտագործուած է 2018-ի Սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ պայմանաւորուածութեան արդիւնքով ստեղծուած կապը․ – «Միջնորդաւորուած կապ է սա, բայց խօսում ենք ոչ անմիջապէս, խօսում ենք նշանակուած պաշտօնեաների միջոցով: Նորմալ գործընթաց է սա, շատ դրական գործընթաց է»:

Նախարարը ռազմական անակնկալներ խոստացած է բանակի սպառազինութեան մասով: Բացի այդ, Տօնոյեանը յստակեցուցած է, որ ռուսաստանեան արտադրութեան ՍՈՒ-30 բազմագործարոյթ կործանիչները Հայաստան պիտի հասնին մինչեւ 2020 թուականի սկիզբը:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փորձարկէ մասնաւորի օգնութեամբ զօրամասերուն մէջ զինուորներու սնունդը նոր կարգով ապահովելու ծրագիրը: Փորձարկման փուլի մէջ գտնուող ծրագրի համաձայն, երեք տարուան ընթացքին բոլոր զօրամասերուն մէջ նոյն ձեւաչափով պէտք է իրականացուի սնունդի կազմակերպումը: Նախարարութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ գործընթացը աւելի արագցնելու համար:

«Յաղթող կազմակերպութիւնները 6-ն են», – փոխանցած է նախարարը՝ արձագանգելով մեղադրանքերուն, թէ ներկայիս դեռ 5 զօրամասերու մէջ գործընթացը իրականացնող ընկերութեան սեփականատէրը իր ընկերն է՝ շարունակելով․ – «Եւ վեց կազմակերպութիւնները հաւասար պայմաններում իրականացնելու են այդ սննդի կազմակերպումը: Կան նաեւ չակերտաւոր ասած բողոքող կազմակերպութիւններ, որոնք կապում են յաղթող կազմակերպութիւնները անձամբ ինձ հետ: Ես չեմ ժխտում, որ կազմակերպութեան ղեկավարը իմ խնդրանքով է դա կատարում հիմա, որովհետեւ ես ուրիշ վստահելի տարբերակ չունէի: Եթէ ինքը չյաջողի, չեմ յաջողելու նաեւ ես»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment