Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սահմանադրական Դատարանը Քոչարեանի Գործով Վարոյթը Կասեցուցած է եւ Ուղարկած Վենետիկի Յանձնաժողով

Սահմանադրական Դատարանը Քոչարեանի Գործով Վարոյթը Կասեցուցած է եւ Ուղարկած Վենետիկի Յանձնաժողով

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը, Յուլիս 18–ին, որոշում կայացուցած է կասեցնել Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումներու հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ գործերու վարոյթները։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Սահմանադրական դատարանէն։

Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացուցած է «Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումներու հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ» գործերով խորհրդատուական կարծիք ստանալու նպատակով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին եւ Վենետիկեան յանձնաժողովին դիմելու եւ այդ կապակցութեամբ յիշեալ գործերու վարոյթները՝ մինչեւ պատասխանները ստանալը, «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 56-րդ յօդուածի առաջին մասի 5-րդ կէտի հիմքով կասեցնելու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment