Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրութեան Տօնին Առթիւ Զինուորական Բարձրագոյն Կոչումներ Շնորհուած են

Սահմանադրութեան Տօնին Առթիւ Զինուորական Բարձրագոյն Կոչումներ Շնորհուած են

by MassisPost

Ըստ նախագահի Յուլիս 3-ի հրամանագրերի, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Արթուր Վանեցեանին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետական պահպանութեան ծառայութեան պետ, գնդապետ Գրիգորի Հայրապետովին, Ոստիկանութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Վալերի Օսիպեանին, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի առա­ջին տեղակալ, զօրավար-մայոր Օնիկ Գասպարեանին, Զինուած ուժերու կապի զօրքերու պետ-կապի եւ կառավարման համակարգերու վարչութեան պետ, գնդապետ Թեմուր Շահնազարեանին, Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ, ար­դարադատութեան առաջին դասի խորհրդական Սասուն Խաչատրեանին, Քննչական կոմիտէի նախագահ, արդա­րա­դատութեան առաջին դասի խորհրդական Հայկ Գրիգորեանին, գլխաւոր դատախազ, արդարադա­տու­թեան առաջին դասի խորհրդական Արթուր Դաւթեանին շնորհուած են բարձրագոյն զինուորական կոչումներ եւ դասային աստիճաններ:

Նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորած է ներկաները Սահմանադրութեան օրուան, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ եւ դասային աստիճաններ ստանալու կապակցութեամբ:

«Դուք արժանապատուօրէն եւ նուիրուածութեամբ էք իրականացնում հայրենիքի սահմանների պաշտպանութեան, երկրում սահմանադրական եւ հասարակական կարգի պահպանութեան, օրինապահութեան ամրապնդման ձեր առաքելութիւնը», – ըսած է նախագահը՝ շարունակելով. – «Այն, ինչ դուք կատարում էք, պարզ պարտականութիւն չէ, այլ՝ դժուարին ու պատուաբեր աշխատանք եւ ծառայութիւն, որն ուղղակի եւ անուղղակի առնչւում է մեր երկրի ու ժողովրդի թէ՛ ներկային, թէ՛ ապագային:

Ձեր պարտականութիւնները պատշաճ կատարելով ՝ դուք պաշտպանում էք թէ՛ երկրի անվտանգութիւնը, թէ՛ քաղաքացիների իրաւունքներն ու ազատութիւնը, եւ թէ՛, ի հարկէ, Սահմանադրութիւնը:

Համոզուած եմ, որ դուք այսուհետ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ եւ նուիրումով էք ձեռնամուխ լինելու ձեր աշխատանքին ու ծառայութեանը՝ նպատակակէտ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան, մեր քաղաքացիների եւ մեր ողջ ժողովրդի շահերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment