Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնէն Էրտողանի Ելոյթը Անուանած է «Զզուելի»

ԱՄՆ Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնէն Էրտողանի Ելոյթը Անուանած է «Զզուելի»

by MassisPost

ԱՄՆ քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնէն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի խօսքերը ցեղասպանութեան մասին անուանած է «զզուելի»:

«Ատելութեամբ լեցուած այս խօսքը, որ Էրտողանը ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրը, պատմական փաստերու զզուելի ժխտում է»,-գրած է Փալոնէն ու տարածած նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արձագանգը Էրտողանին, որուն մէջ նշած էր, որ այն  ծայրայեղ ատելութեան խօսք է անձամբ Էրտողանի կողմէ ու կոչ ըրած միջազգային հանրութեանը՝ չլռել։

Փալոնէն նաեւ գրած է, որ կանգնած է Նիկոլ Փաշինեանի  ու հայերու հետ ամենուր՝ դատապարտելու այս դաժան մենատէրի կողմէ նոր «անկումը»։

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ին Էրտողանը Օսմանեան կայսրութեան բնակչութեան անուանած էր «հայ հրոսակներ ու անոնց աջակիցներ» ու անոնց տեղահանումները համարած այդ ժամանակ «ամենատրամաբանական վարքագիծ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment