Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեանը կը հերքէ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ հարցաքննուելու վերաբերեալ լուրը։ Այդ մասին 24News-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Վահան Շիրխանեանը:
«Ես չեմ հարցաքննուել, յայտարարութիւն եմ տուել»,-24News-ին ըսած է Վահան Շիրխանեանը։ Հարցին՝ ի՞նչ յայտարարութեան մասին է խօսքը, Շիրխանեանը նշած է, որ չի կրնար պատասխանել։
Յիշեցնենք, որ Վահան Շիրխանեանի՝ Ռոպերթ Քոչարեանին ուղղուած բաց նամակի յայտարութեան համաձայն՝ 1998-ի ընտրութիւնները կեղծելու դրուագով, ՅՔԾ-եան մօտ նիւթեր կը նախապատրաստուին:
Մամուլի մէջ տեղեկութիւն տարածուած էր, համաձայն որու՝ Վահան Շիրխանեանը հարցաքննուած է նամակի այդ դրուագով։
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ուղղուած բաց նամակին մէջ Վահան Շիրխանեանը գրած էր․ – «1998 թ. 30 մարտի նախագահական ընտրութիւնների 2-րդ փուլ։ Բացառապէս Վազգէն Սարգսեանի խօսքին տրուած 27 տոկոս քուէն դարձրիր քեզ համար 59 տոկոս եւ քեզ հռչակեցիր ՀՀ նախագահ։ Իսկ 73 տոկոս ստացած Կարէն Տեմիրճեանին «մեծահոգաբար» տուեցիր 41 տոկոս՝ խոստանալով նաեւ վարչապետի պաշտօնը՝ Վազգէնի պահանջով։ Եւ, իհարկէ, խաբեցիր, ինչպէս միշտ»։
ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը 22 Մարտին Ազգային ժողովէն ներս յայտարարած էր, որ ԱԱԾ-ն կ’ուսումնասիրէ նամակի բովանդակութիւնը: