Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Որքան Ծպտեալ Հայ Կայ Թուրքիոյ Մէջ

Որքան Ծպտեալ Հայ Կայ Թուրքիոյ Մէջ

by MassisPost

 

secret nationՈւաշինկթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս վերջերս կայացած է ամերիկահայ լրագրող Աւետիս Հաճեանի «Գաղտնի ազգ. ծպտեալ հայեր» գիրքի շնորհահանդէսը: Հեղինակը կը պնդէ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն բնակիլ բազմաթիւ հայեր, որոնք Մեծ Եղեռնի յետնորդներն են եւ կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Այսօր Թուրքիոյ մէջ բնակող բնակչութեան զգալի մէկ հատուածը ունի հայկական ծագում, սակայն կը խուսափի բացայայտ խօսիլ ատոր մասին, կը պնդէ «Գաղտնի ազգ. Թուրքիայի ծպտեալ հայեր» ծաւալուն աշխատութեան հեղինակը:

«Նոյնիսկ կրօնափոխ հայերը, որոնց անհրաժեշտ էր շուրջ հարիւր տարի, մինչեւ թրքական պետութեան կողմէն սահմանափակ ազատութեան ընծայումը, կը հերքէին իրենց ազգային ինքնութիւնը: Եւ ատոր գլխաւոր պատճառը Եղեռնն էր: Առայսօր այդ առումով որոշակի վախ պահպանուած է»,- ըսած է Հաճեանը:

Գիրքի հրապարակման նախորդած էին երկար տարիներու հետազօտական աշխատանք, բազմաթիւ հարցազրոյցներ, այցելութիւններ Թուրքիա եւ այլ երկրներ: Հեղինակը ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն բազմաթիւ հայեր կրօնափոխ եղան եւ չհեռացան իրենց հայրենիքէն, սակայն կորսնցուցին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Այսօր անոնց մեծ մասը Մեծ Եղեռնի յետնորդներն են:

«Հրանդ Տինքը կ’ըսէր, որ Թուրքիոյ մէջ կայ շուրջ 2 միլիոն իսլամացած հայ ազգաբնակչութիւն՝ գաղտնի հայեր: Վստահ չեմ, թէ կարելի է մարդահամար ընել, թէ ոչ»,- ըսած է գիրքի հեղինակը:

Հաճեանի կարծիքով ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ դժուար է պարզել վերջնական ազգային ինքնութիւնը, քանի որ պետութիւնը որոշակի բարդութիւններ կը ստեղծէ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Բացի այդ, առկայ է բազմակի ինքնութեան գործօնը:

«Նախ, Թուրքիան միօրինակ մարդահամար կ’անցկացնէ, ուր հնարաւոր չէ պարզել որքան հայ կամ այլ ազգային փոքրամասնութիւն կայ: Բացի այդ շատ դժուար է սահմանել, ով հայ է , իսկ ով` ոչ, քանի որ եթէ ինչ որ անձի մեծ մայրը Եղեռն վերապրած հայ է, ան իհարկէ կրնայ հայ համարուիլ, թէեւ կրօնը, ազգութիւնը փոխուած են եւ հայերէնին չեն տիրապետեր: Սակայն նոյն կերպ ան կրնայ համարուիլ թուրք կամ քիւրտ, ուստի շատ դժուար է սահմանել, թէ ով հայ է, իսկ ով ՝ ոչ այսօրուայ Թուրքիոյ մէջ» ,- ըսած է  Հաճեան:

Սակայն հեղինակը նշած է նաեւ, որ իր հետազօտական աշխատանքի ընթացքին հանդիպած է թրքացած, կրօնափոխ եղած հայերու, որոնք, բացայայտելով իրենց հայկական արմատները, չեն թաքցներ այդ փաստը: Որպէս արդիւնք, ըստ գիրքի հեղինակի, եղած են դէպքեր, երբ մարդիկ, տեղեկանալով իրենց հայկական ծագումնաբանութեան մասին, փորձած են այն համադրել իրենց թրքական կամ քրտական ինքնութեան հետ:

Միջոցառման ժամանակ Հաճեանը համառօտ ներկայացուցած է իր աշխատութեան բովանդակութիւնը, իսկ աւարտին պատասխանած է ներկաներու հարցերուն հայկական ինքնութեան, արմատներու եւ հայապահպանութեան մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment