Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կլէնտէյլի Հայկական «Արարատ» Ճաշարանի Մօտ Կրակոցներ Հնչած են. 1 Անձ Սպաննուած է, Եւս 1–ը՝ Վիրաւորուած

Կլէնտէյլի Հայկական «Արարատ» Ճաշարանի Մօտ Կրակոցներ Հնչած են. 1 Անձ Սպաննուած է, Եւս 1–ը՝ Վիրաւորուած

by MassisPost

ԱՄՆ Կլէնտէյլ քաղաքի հայկական «Արարատ» ճաշարանին մօտ շաբաթ օր կրակոցներ հնչած են, ինչի հետեւանքով 1 անձ սպաննուած է, եւս 1–ը՝ վիրաւորուած։

KTLA.com կայքի փոխանցմամբ,  սպաննուածը մօտ 50 տարեկան տղամարդ է։ Տուժածը թեթեւ վնասուածքներ ստացած է։

Իրաւապահները կը պարզեն սպաննուածի ինքնութիւնն ու տեղի ունեցածի դրդապատճառները։

«Նախաքննական մարմինը կը հարցաքննէ մարդոց, որոնք հաւաքուած եղած են այդ օրը «Արարատ» ճաշարանի մէջ։ Այնտեղ աւելի քան 100 մարդ եղած է եւ պէտք է հարցաքննել անոնցմէ իւրաքանչիւրը»,– կայքին յայտնած են ոստիկանութենէն։

Նշենք, որ «Արարատ» ճաշարանի ղեկավարութիւնը ֆէյսպուքեան էջի միջոցով յայտնած է, որ տեղի ունեցածը որեւէ կապ չունի ճաշարանի եւ իրենց յաճախորդներուն հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment