Home Uncategorized 94 Տարեկանին Մահացած է Աշխարհահռչակ Երգիչ Շարլ Ազնաւուրը

94 Տարեկանին Մահացած է Աշխարհահռչակ Երգիչ Շարլ Ազնաւուրը

by MassisPost

94 տարեկանին մահացած  է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, այս մասին կը յայտնէ «Ֆրանսբրեսը»։

Ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, գրող, շարժանկարի դերասան եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուր (իսկական անունը՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) ծնած էր 22 Մայիս 1924-ին, Փարիզի մէջ՝ հայ գաղթականներ Միքայէլ եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքէն ներս: Մանուկ հասակէն սիրած է թատրոնը, իսկ 1940-ական թուականներուն Փիեռ Ռոշի հետ հանդէս եկած է քապարէի մէջ։ Համաշխարհային հռչակ ձեռք բերած է 1956-ին Փարիզի դահլիճներէն մէկուն մէջ յաջող ելոյթէն ետք։ Անոր գրած երգերը կատարած են Էտիթ Փիաֆը, Լաիզա Մինէլին, Մսթիսլաւ Ռոսթրոփովիչը, Խուլիօ Իկլեսիասը, Շերը, Ճօ Տասընը, Ռեյ Չարլզը եւ այլք։ Այսօրուան դրութեամբ վաճառուած է Ազնաւուրի շուրջ հարիւր միլիոն ձայնապնակ։

1988-ի սպիտակեան աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ հիմնադրած է բարեգործական հիմնադրամ: 1964, 1996 եւ 2006 թուականներուն համերգներ տուած է Հայաստանի մէջ։ Կիւմրիի մէջ կանգնեցուած է Ազնաւուրի արձանը, անոր անունով կը կոչուի Երեւանի հրապարակներէն մէկը։

2009 թուականի Մայիսէն Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն էր, Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ՝ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ֆրանսահայ մեծանուն շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ գրառում կատարած իր թուիթըրեան էջին:

«Ֆրանսացի, որ հոգեպէս անքակտելիօրէն կապուած էր իր հայկական արմատներուն, որուն կը ճանչնար ողջ աշխարհը»:

Մաքրոն Ազնաւուրին հրաւիրած էր Երեւան` մասնակցելու Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին, որու շրջագիծէն ներս ան պէտք է երգէր: «Ես զինք հրաւիրած էի Երեւան գալ` Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին, ուր ան պիտի երգէր: Մենք հայ ժողովուրդի հետ կը կիսենք ֆրանսացի ժողովուրդի վիշտը»,- գրած է ան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նոյնպէս ցաւակցած է «Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, Ֆրանսային, Շարլ Ազնաւուրի՝ ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող երկրպագուներուն» ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչի մահուան կապակցութեամբ։

Ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակմամբ վարչապետը ըսած է՝ «սա իսկապէս սգալի օր է մեր պատմութեան համար»:

«Ահաւոր բօթ լսեցինք այսօր՝ կեանքի 94-րդ տարում մահացել է հայ ժողովրդի մեծագոյն զաւակներից մէկը՝ Շարլ Ազնաւուրը։ Դժուար է հաւատալ, որ մարդը, ով դարաշրջան է կերտել, պատմութիւն է կերտել, սէր է կերտել եւ անմնացորդ ծառայել է սեփական ժողովրդին, սեփական ժողովուրդներին, որովհետեւ Շարլ Ազնաւուրն ասում էր՝ «ես 100 տոկոսով ֆրանսիացի եմ, 100 տոկոսով հայ»։

Վարչապետը Ազնաւուրի մահը համամարդկային կորուստ համարած է։

«Շարլ Ազնաւուրը մի մարդ է, ով ստեղծել է ոչ միայն ազգային, այլեւ վեր-ազգային համամարդկային արժէքներ, եւ այդ համամարդկային արժէքները դեռ երկար դարեր կ’ուղեկցէն մարդկութեանը՝ կ’ուղեկցէն դէպի սէր, դէպի համերաշխութիւն եւ կը բարձրացնեն մարդկութիւնը, կը ջերմացնեն նրանց հոգիները», – ըսած է վարչապետը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment