Մաշտոց Գոլէճի մանկավարժական բաժանմունքի ամավերջի հանդիսութիւնը ազգային վայելքի եւ ապագայի վառ յոյսերու առիթն ընծայեց շրջանաւարտներուն, որոնք զինուած կրթական արդիական գիտելիքներով եւ յանձնառութեամբ եկան հարստացնելու մեր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ներկայ փաղանգը:
Ի ներկայութեան ընտանեկան անդամներուն, բարեկամներուն եւ հոգաբար-ձութեան անդամներու 43 նուիրեալներ տողանցեցին պարծանքի զգացումներով ստանալու իրենց վկայականները ձեռամբ Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի:
Հուսկ բանքով ելոյթ ունեցաւ Գոլէճի նախագահը խրախուսելով շրջանաւարտ-ները, որ իրենց կոչումը վերածեն ազգային ծառայութեան, մատղաշ սերունդը դաստիարակելով հայօրէն սատար հանդիսանալով հայակերտումի ջանքերուն: Ապա Լիանա Թարվետեան իր գեղեցիկ ձայնով հմայեց ներկաները:
Իրանահայ Միութեան հանդիսասրահը Յունիս 30-ին վերածուած էր խանդա-վառ կրթական մեկնարկի, թռիչք տալով մեր նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն վերանորոգ յանձնառութեամբ միանալու մեր կրթական մշակներու հոյլին: