Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանցի Գործիչը «Դրական» Գնահատած է Ազրպէյճանի Կեցուածքը.Հայաստան կը Հակադարձէ

Ռուսաստանցի Գործիչը «Դրական» Գնահատած է Ազրպէյճանի Կեցուածքը.Հայաստան կը Հակադարձէ

by MassisPost

Ռուսաստանեան ՏԱՍՍ գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ՌԴ Պետդումայի խօսնակ Վիաչեսլաւ Վոլոտին Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ «միշտ եղած է կառուցողական եւ ճիշդ»:

«Դուք գիտէք, որ Ռուսաստանը հանդէս կու գայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին, հետեւաբար՝ ընենք ամէն ինչ այդ ուղղութեամբ»,- յայտարարած է Վոլոտինն երէկ Բաքուի մէջ Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Օքթայ Ասատովի հետ հանդիպման ժամանակ: «Այդ կապակցութեամբ Ատրպէյճանը մշտապէս ճիշդ եւ կառուցողական դիրքորոշում ունեցած է: Մենք անոր յոյսն ունինք նաեւ հետագային»,- ըստ ԹԱՍՍ գործակալութեան, աւելցուցած է Պետդումայի խօսնակը:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը Պետդումայի նախագահի յիշեալ յայտարարութեան հետ կապուած՝ «Ազատութեան» ըսած է․ «Պետութիւնների դիրքորոշումներն այս կամ այն հարցի, յատկապէս արտաքին քաղաքական խնդիրների վերաբերեալ, արտայայտւում են գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչների կողմից: Ռուսաստանի գործադիր իշխանութեան տեսակէտը ԼՂ հարցի հետ կապուած յայտնի է: Այն առնուազն շաբաթը մէկ անգամ հնչեցւում է ՌԴ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցչի կողմից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment