Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 11-րդ Օրուան Օրագրութիւնը

11-րդ Օրուան Օրագրութիւնը

by MassisPost

ԵՊՀէն մեկնարկած է դասադուլի մասնակցող ուսանողներու քայլերթը
«Ազատ, անկախ ուսանող» կարգախօսով երեւանեան բուհերու հարիւրաւոր ուսանողներ դասադուլով Աբովեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկի մօտ են։

Բժշկական համալսարանի ուսանողները դասադուլի դուրս եկած են սպիտակ գոգնոցներով։

Ցոյցին կը մասնակցին մօտ տասնեակ բուհերու ուսանողներ, այդ շարքին՝ Երեւանի պետական համալսարանի, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի, Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի։

Վայրկեաններ առաջ ոստիկանները կրկին ցուցարարները ծեծելով կը փորձէին բերման ենթարկել: Ուսանողներէն մէկուն ոստիկանները այնքան ծեծեցին, որ անոր ինքնազգացողութիւնը վատացաւ եւ շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխեցին հիւանդանոց: Այս մասին կը հաղորդէ Hetq.am-ը։

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի հարիւրաւոր ուսանողներ՝ Հերացի փողոցով՝ խաղաղ երթ կ՝ընէին, երբ ոստիկանները եկան եւ ուսանողներէն ոմանց ծեծելով, բռնի ուժ կիրառելով` բերման ենթարկեցին:

Ցուցարարները այս պահուն կը շարունակեն քայլերթը արդէն Հերացի փողոցի մայթով:

Յիշեցնենք, որ այսօր Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ ընթացող զանգուածային բողոքի ցոյցերուն 11-րդ օրն է:

Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած է ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներու երթը
Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած է ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներու երթը: Երթին կը մասնակցին ինչպէս քառօրեայի մասնակիցներ, այնպէս ալ արցախեան պատերազմի վեթերաններ եւ ապրիլեան պատերազմի զոհերու ծնողներ։

 «Արմենիա հանրապետական կեդրոն»ի բուժաշխատողները փակած են Հալապեան փողոցը

Երեւանի Հալապեան փողոցի մէջ, ուր կը գտնուի հանրապետութեան ամենախոշոր բուժկեդրոններէն մէկը՝ «Արմենիա հանրապետական կեդրոն»ը, բուժաշխատողները փակած են փողոցը եւ դրօշներով ու «մի-ա-ցում» վանկարկումներով կը քալեն։

Բուժաշխատողները կը պահանջեն ազատ արձակել քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ գտնուող անձանց եւ աջակցութիւն կը յայտնեն այս օրերուն փողոցներու մէջ գտնուող երիտասարդութեան:

victory-23-3

Զինուորական համազգեստով երիտասարդներ միացած են ցոյցին

Կեդրոնի երթերէն մէկուն միացած են զինուորական համազգեստով քանի մը երիտասարդներ: Հարցին, թէ արդեօ՞ք զինուորականներ են, անոնցմէ մէկը պատասխանած է, որ եկած են զօրամասերէն մէկէն։ Զինուորականները երգած են Հայաստանի քայլերգը:

Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներն ԱԺի մօտ են. ոստիկանութիւնը փշալարերով փակած է փողոցը
Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցները երթով Բաղրամեան պողոտայով հասածն են Ազգային ժողով` հանդիպելու պատգամաւորներու հետ։ Ոստիկանութիւնը փշալարերով փակած է Բաղրամեան փողոցը եւ թոյլ չէ տուած հանդիպիլ պատգամաւորներու հետ։

Պատերազմի մասնակիցներն արդէն 30 վայրկեան է կը սպասեն Բաղրամեան պողոտայի վրայ՝ մինչեւ պատգամաւորներն արձագանգեն։

Երեւանի հիւանդանոցներուն մէջ բուժում կը ստանան հանրահաւաքներու ընթացքին տուժած 4 քաղաքացի. Անոնց վիճակը բժիշկները կը գնահատեն բաւարար
23 Ապրիլին, ժամը 11։00-ի դրութեամբ Երեւանի հիւանդանոցներուն մէջ կը բուժուին  հանրահաւաքներու ընթացքին տուժած 4 քաղաքացի։

Այս մասին կը տեղեկացնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն:

Անոնցմէ մէկը բուժում կը ստանայ «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրի մէջ,  մէկը՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ երկուքը՝ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոններուն մէջ։

Բոլոր տուժածներն անցած են անհրաժեշտ հետազօտութիւններ եւ ստացած են համապատասխան բուժում։ Անոնց առողջական վիճակը բժիշկները գնահատած են բաւարար:

Victory-23-1

Բողոքի հաւաքները կը շարունակուին Երեւանի մէջ
Երեւան-Սեւան մայրուղիի վրայ իրավիճակը նոյնպէս լարուած է: Այնտեղ մարդիկ փակած են փողոցը:

Մէկը ըսած է. «Հասկանում ենք, ժողովուրդ ճան, բայց եթէ մենք ներկայանում ենք որպէս հայրենասէր, տուրիստներն (զբօսաշրջիկները) այս կողմով գնում են Դիլիճան, բաց թողէք այդ ավտոբուսները գնան, հասնեն»:  Ի պատասխան  կին մը պոռալով պատասխանած է. «թող տուրիստները  տեսնեն, թէ Հայաստանում ինչ է կատարւում»:

Փակուած էր նաեւ Սեւան-Գագարին հատուածը, ուր Սեւանի քաղաքապետը  ուղղակի կը խնդրէր «չդիմել սադրանքների»:

Իրավիճակը նոյնպէս լարուած է մայրուղիի վրայ ազդանշանային համակարգը միացուցած են  նոյնիսկ բեռնատարները:

Ցուցարարները փակած են նաեւ Երեւանի Ռուբինեանց փողոցը։

ԱԺ նախագահն այս գիշեր հանդիպած է Սասուն Միքայէլեանի, Արարատ Միրզոյեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ
ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը երէկ հանդիպած է ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ձերբակալուած պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանին, Սասուն Միքայէլեանին եւ Արարատ Միրզոյեանին հետ եւ լիայոյս է, որ իր խնդրանքն ինչ-որ արժէք կ’ունենայ գործընկերներուն համար:

«Արա Բաբլոյեանն այս գիշեր հանդիպել եւ զրուցել է ձերբակալուած պատգամաւորներ Սասուն Միքայելեանի, Արարատ Միրզոյեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ ԱԺ նախագահն իր գործընկերներին այցելել է, նախեւառաջ,  որպէս բժիշկ, որպէս պապիկ, որպէս սրտացաւ ընկեր։ Արա Բաբլոյեանը լիայոյս է, որ իր խնդրանքն ինչ-որ բան կ’արժենայ իր գործընկերոջ համար», « Tert.am»ի հետ զրոյցի ժամանակ ԱԺ նախագահի խօսքերը փոխանցած է ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեանը:

Յիշեցնենք, որ Արսէն Բաբայեանը երէկ իր ֆէյսպուքեան էջին գրած էր.«Արա Բաբլոյեանը նպատակ ունի խնդրել ու յորդորել իր գործընկերներին, որպէսզի տեղի ունենան իրական բանակցութիւններ` իրական բանակցային օրակարգով, բանակցութիւններ վարելու բնականոն միջավայրում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment