Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House. Հայաստանը Մենատիրական Դառնալու Վտանգի Առջեւ Կանգնած է

Freedom House. Հայաստանը Մենատիրական Դառնալու Վտանգի Առջեւ Կանգնած է

by MassisPost

Հայաստանը ժողովրդավարութեան առումով զիջած է դիրքերը եւ Եւրասիական տարածաշրջանի շարք մը այլ պետութիւններու նման այսօր կանգնած է մենատիրական դառնալու վտանգի առջեւ, պնդած է Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցի մէջ:

Ի տարբերութիւն նախորդ զեկոյցներուն, այս անգամ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է յատկապէս Սերժ Սարգսեանի իշխանավարութեան հնարաւոր երկարաձգումը:

Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տասը տարիները համեմատելով` կազմակերպութիւնը փաստած է, որ անոր գահակալութեան շրջանին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ցուցիչը նուազած է:

Ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, այս անգամ ալ Հայաստանը որակուած է կիսամենատիրական պետութիւն, որ կը փորձէ քօղարկել այդ, սահմանափակ յարգանք կը տածէ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ նուազագոյն չափով իսկ չի համապատասխանիր ընտրութիւններու վրայ հիմնուած ժողովրդավարութեան չափանիշներուն:

Վերլուծելով անցած տարուայ զարգացումները, հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը նշած է` Հայաստանը առաջընթաց չէ արձանագրած ոչ թափանցիկ ընտրութիւններու, ոչ արդարադատութեան, ոչ մամուլի ազատութեան, ոչ ալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչութեամբ. Ճիշդ հակառակը՝ նախորդ տարուայ համեմատ ա՛լ աւելի վատացած է պայքարը կաշառակերութեան դէմ, ընդ որում, գնահատականը կատարուած է՝ հաշուի առնելով ոչ միայն հանրութեան ընկալումը, այլեւ` իշխանութեան վերին օղակներու ունեցած առեւտրական շահերը:

Ամենավատ արդիւնքը արձանագրուած է ժողովրդավարական կառավարման ու ընտրական գործընթացներու ոլորտներու մէջ, ըստ ուսումնասիրութեան՝ Հայաստանի մէջ կառավարման համակարգի կայունութիւնը եւ անկախութիւնը, օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու հաւասարակշռութիւնը 2008 թուականէն ի վեր շարունակաբար նուազած է: Վերջին տասնամեակին տարեցտարի նուազած է նաեւ ընտրական գործընթացներուն ու բազմակուսակցական համակարգի կայացման համար տրուած գնահատականը: Ամենաբարւոք վիճակը արձանագրուած է քաղաքացիական հասարակութեան բնագաւառի մէջ, սակայն այստեղ ալ 2008 թուականէն ետք վիճակը ոչ թէ բարելաւուած, այլ վատացած է:

Որպէս արդիւնք, յետխորհրդային երկիրներու շարքին Հայաստանը այսօր ժողովրդավարութեան ցուցանիշով նկատելի ձեւով զիջած է Վրաստանին, Ուքրանիոյ, Մոլտովային, որոնք կը համարուին անցումային պետութիւններ:

Արեւելեան Եւրոպայի, Պալքաններու եւ յետխորհրդային 29 երկիրներու շարքին Հայաստանէն աւելի վատ արդիւնք արձանագրած են Ատրպէյճանը, Պելառուսը, Ռուսիան ու Կեդրոնական Ասիոյ հինգ պետութիւնները:

Freedom House-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնադրուած ոչ-կառավարական, անկախ կազմակերպութիւն է, որ աւելի քան 75 տարի աշխարհով մէկ պայքարած է յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ժողովրդավարութեան կայացման: Կազմակերպութեան գնահատականները մեծ վստահութիւն կը վայելեն Արեւմուտքի մէջ, անոնց հիման վրայ, օրինակ, ամերիկեան «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» միութիւնը կ’որոշէ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել կարիքաւոր, բայց` ժողովրդավարութեան ու օրէնքի գերիշխանութեան հաւատարիմ երկիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment