Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի համանախագահները երէկ Պաքուի մէջ հանդիպած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այդ հանդիպման մասին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը ըսած է, որ «Քրաքովի հանդիպման առաջ քաշուած կարծիքներու հիման վրայ համանախագահներու հետ յստակ քննարկումներ տեղի ունեցած են հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ»:
Հիքմեթ Հաճիեւի խօսքերով «պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ, առկայ առաջարկներու եւ կարծիքներու հիման վրայ, բանակցութիւնները աշխոյժ կերպով պիտի շարունակուին»: