Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կոչ կ’ընէ Ֆրանսային բաց, ուղիղ եւ կառուցողական երկխօսութիւն սկսիլ Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւններուն հետ։
Այս մասին ըսուած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի տարածած յայտարարութեան մէջ: Արցախի ֆրանսացի բարեկամները համոզմունք յայտնած են, որ ոչինչ պէտք է խոչընդոտէ Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ կապերու հաստատմանը։ Այս առումով Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի փորձերը՝ միջամտել Ֆրանսայի հիւպատոսական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրել Ֆրանսայի վրայ՝ Արցախի քաղաքացիներուն ազատ տեղաշարժի իրաւունքը սահմանափակելու նպատակով։
Բարեկամութեան շրջանակը նշած է, որ Ատրպէյճանի նման գործելաոճը դատապարտուած է ձախողման, իսկ Ֆրանսայի եւ Արցախի ժողովուրդներու միջեւ կապերու խորացման ուղղուած հետեւողական ջանքերը պիտի շարունակուին՝ որպէս Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման կարեւոր գործօն։
Բարեկամութեան շրջանակը գտած է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ մեկուսացման եւ առճակատման իր քաղաքականութիւնը հակադրել խաղաղութեան եւ համագործակցութեան, ինչը միայն կը խորացնէ տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրները։
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը յիշեցուցած է, որ Արցախը մայիս 1994-ին կնքուած հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագրին կողմ է, եւ այս առումով կոչ կ’ընէ Ֆրանսային եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող միւս երկիրներուն ուղիղ կապեր հաստատել Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ անկողմնակալութիւն ապահովել Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։
«Արցախի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու անտեսումը կը խախտէ 1994-ի համաձայնագրի տառը եւ ոգին», – նշած է բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանը։ Ան եզրափակած է, ըսելով,- «Սա նաեւ անիրատեսկան է այն առումով, որ հակամարտութեան լուծումը հեռանկար չի կրնար ունենալ՝ առանց հաշուի առնելու Արցախի ժողովուրդի կամքը»։ Շրջանակը ընդգծած է, որ Արցախի մէջ հաստատուած է կենսունակ եւ պատասխանատու ժողովրդավարութիւն՝ նշելով, որ այդ պետութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսուիլ եւ պէտք է ճանաչում ստանայ միջազգային հանրութեան կողմէ։