Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Իրաւունք Ունի Ինքնուրոյն Որոշել իր Ճակատագիրը». Տոﬕնիք տը Պիուման

«Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Իրաւունք Ունի Ինքնուրոյն Որոշել իր Ճակատագիրը». Տոﬕնիք տը Պիուման

by MassisPost

Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Տոﬕնիք տը Պիումանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը պատկերացնէ բանակցութիւններու ճանապարհով: Ան երէկ ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ համատեղ ասուլիսին նշած է, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ՄԱԿ-ի բազմաթիւ պայմանադրութիւններու եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի վրայ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի ինքնուրոյն որոշել իր ճակատագիրը, ինչպէս միւս ժողովուրդները: Խնդրի լուծումը հարկաւոր է պատկերացնել բանակցութիւններու ﬕջոցով, որոնց հիմքը կ’ըլլայ ՄԱԿ-ի ընդունած պայմանադրութիւններն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը»,- ըսած է Տոﬕնիք տը Պիուման:

Հարցին թէ, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը կը զինուի ու ռազմատենչ յայտարարութիւններ կ’ընէ, կը հրաժարի շփման գիծի հետաքննութեան մեխանիզմներ տեղադրել եւ այլն, միջազգային հանրութիւնը ազդեցութեան ի՞նչ մեխանիզմներ ունի, Տոﬕնիք պատասխանած  է. «Պէտք է ըսեմ, որ ՀՀ-ն ԵԱՀԿ գործընթացի անդամ է եւ հրադադարի խախտման իւրաքանչիւր դէպք պէտք է գիտականօրէն արձանագրուի, փաստագրուի ու ներկայացուի, որպէսզի միջազգային իրաւական ատեանները հարկ եղած պարագային կարենան անդրադառնալ եւ նաեւ հակազդել»:

Միեւնոյն ժամանակ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Ազգային խորհուրդի նախագահը շեշտած է, որ նման մեխանիզմներ պէտք է ըլլան հակամարտութեան բոլոր գօտիներուն մէջ, քանի որ, ըստ անոր, պատերազմական գործողութիւններ կան գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment