Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քրաքովի մէջ Հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

Քրաքովի մէջ Հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

by MassisPost

Յունուարի 18-ին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:

Քրաքովի մէջ, նախապէս, միջնորդներու հետ հանդիպած էր Էտուարտ Նալպանտեանը եւ հանդէս եկած ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման հեռանկարին վերաբերեալ յայտարարութեամբ:

Նալպանտեան, մասնաւորապէս, յայտարարած էր, որ Պաքուն որքան շուտ գիտակցի, որ առաջարկուող սկզբունքները մէկ ամբողջութիւն են, այնքան շուտ հնարաւոր պիտի ըլլայ հունի մէջ դնել ԼՂ կարգաւորման գործընթացը:

«Հայաստանը, համանախագահ երկիրներու հետ միասին, պիտի շարունակէ ուղիներ փնտռել բանակցութիւններու առաջմղման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման շուրջ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ եռանախագահներու առաջարկներու իրագործման ուղղութեամբ, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան նուազեցման, 1994-95 թուականներուն եռակողմ զինադադարի անշեղ պահպանման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի համակարգման կարողութիւններու ընդլայնման, զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան կառուցակազմի ստեղծման:

Եթէ Պաքուն հետեւի համանախագահներու` հրադադարը խստօրէն յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, կառուցողաբար ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հիմնախնդիրի կարգաւորման սկզբունքներուն՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ ճանապարհ հարթել խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու համար: Պաքուն յաճախ կը խօսի, թէ իբր շահագրգռուած է, որ իրավիճակը փոխուի: Ակնյայտ է, որ անոր հասնելու գործնական ճանապարհը վերոյիշեալին իրականացումն է: Համանախագահները տարիներ շարունակ կը յայտարարեն, որ իրենց կողմէ` փուլային իրականացումով փաթեթային հանգուցալուծման նպատակով առաջարկուող սկզբունքներն ու տարրերը մէկ ամբողջութիւն կը հանդիսանան եւ անոնցմէ մէկուն նախապատւութիւն տալու փորձերը անհնար պիտի դարձնեն կարգաւորումը: Որքան շուտ Պաքուն գիտակցի այս իրողութիւնը, այնքան շուտ հնարաւոր պիտի ըլլայ գործնական հունի մէջ դնել կարգաւորման գործընթացը»,- շեշտած էր նախարար Նալպանտեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment