Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլացի Քաղաքական Գործիչը կը Պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Օրինագիծ Ներկայացնել Քնեսետ

Իսրայէլացի Քաղաքական Գործիչը կը Պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Օրինագիծ Ներկայացնել Քնեսետ

by MassisPost

Իսրայէլի ընդդիմադիր «Եշ Ատիդ» կուսակցութեան առաջնորդ Յաիր Լապիդ յայտարարած է     Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Քնեսետէն ներս  բանաձեւ ներկայացնելու իր կուսակցութեան մտադրութեան մասին, կը յայտնէ Times of Israel թերթը:

Յաիր Լապիդ ըսած է, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտեցումը դիւանագիտական սխալ էր, նաեւ կոչ  ըրած է «թաղել» Թուրքիա գազատարի նախագիծը եւ աջակցիլ «անկախ Քուրտիստանի պետութեան ստեղծման»:

Լապիդ Թուրքիոյ նախագահ Ռեջէփ Թայիփ Էրտողանին քննադատած  է, որ ան Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած: «Անոնք, որոնք կը  ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ երեխաներու սպանութիւնը, չպէտք է բարոյականութիւն քարոզեն», նշած է Լապիդ:

Վերջին օրերուն Իսրայէլցի քաղաքական գործիչները խստօրեն կը քննադատեն  Էրտողանը,  ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ   Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալուն ի պատասխան, քաղաքը Պաղեստինի մայրաքաղաք հռչակելու մասին անոր կատարած առաջարկին պատճառաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment