Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով` Ղարաբաղեան Խնդիրը Բարդ Է, Եւ Բանակցութիւնները Շուտ Պիտի Չաւարտին

Լաւրով` Ղարաբաղեան Խնդիրը Բարդ Է, Եւ Բանակցութիւնները Շուտ Պիտի Չաւարտին

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի Սերկէյ Լաւրով   յայտարարեց, որ ղարաբաղեան խնդիրը բարդ է, եւ բանակցութիւնները շուտ պիտի չաւարտին:

Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ Լաւրով յայտարարեց. «Բաքուի մէջ կայացած ասուլիսին արդէն նշած եմ, որ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման բոլոր բաղադրիչները առկայ են: Բաղադրիչները ներառուած են բազմաթիւ փաստաթուղթերու մէջ, որոնք 2007-էն, 2009-էն, 2011-էն ի պահ յանձնուած էին  ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարին: Այդպիսով այդ բաղադրիչները ամրագրուած են, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկներ, անոնք սեղանին են՝ իրենց ամբողջութեան մէջ»:

ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց ըսելով. «Միակ բանը, որ ես կ’ուզէի ընդգծել, որու մասին խօսած եմ նաեւ Պաքուի մէջ, այդ բաղադրիչները մէկ փաթեթի մէջ են, եւ շատ դժուար է վերցնել, մէկը, երկուքը կամ երեքը ու ըսել՝ եկէ՛ք այս հիմքի վրայ պայմանաւորուինք, որովհետեւ այդ պարագային հաւասարակշռող բաղադրիչները դուրս կը մնան, եւ չենք ստանար այն արդիւնքը, որ մենք՝ բոլորս մտադիր ենք ստանալ»:

Լաւրով շարունակած է, արդէն իսկ օգտակար է, որ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահները, դրական արտայայտուած են Ժընեւի մէջ իրենց հանդիպման վերաբերեալ․ – «Բայց շատ կարեւոր է, որ այդ դրական վերաբերմունքը օգնէ մեզ ըստ էութեան առաջ շարժիլ կարգաւորման ուղղութեամբ: Համանախագահները կը զբաղուին այս գործով:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Նոյեմբերի 20-ն Երեւան ժամանած էր Պաքուէն, ուր նոյնպէս երկօրեայ պաշտօնական այց տուած էր:

Ասուլիսի ընթացքին Էտուարտ Նալպանտեան յայտարարած էր, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացի բացակայութեան պատճառը Ատրպէյճանի մօտեցումն է՝ միջնորդներու օգնութեամբ պայմանաւորուածութիւններ կը կայացուին, որոնցմէ յետագային Պաքուն ետ կը կանգնի:

«Վիեննայում եւ Սանկթ-Փեթերպուրկում կայացած հանդիպումների ժամանակ մենք ինչ-որ բանի մասին պայմանաւորուեցինք: Ատրպէյճանը, կրկին յետքայլ կատարեց: Վիեննայի հանդիպումից յետոյ վերադառնալով Ատրպէյճան՝ նրանք ասացին՝ ո՛չ, ոչ մի բանի մասին չենք պայմանաւորուել: Յուսանք, ատրպէյճանցիները կը փոխեն իրենց այդ դիրքորոշումը: Ինչ վերաբերում է Հայաստանին, ապա Հայաստանը երբե՛ք յետ չի կանգնել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններից եւ մենք մտադիր ենք յետագայում եւս Ռուսաստանի, [ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի միւս] համանախագահող երկրների հետ շարունակել ջանքեր գործադրել՝ ուղղուած ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment