Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ռուսաստանէն Նոր՝ 100 մլն Տոլարի Վարկ Կ’ակնկալէ՝ Զէնք Գնելու Համար

Հայաստանը Ռուսաստանէն Նոր՝ 100 մլն Տոլարի Վարկ Կ’ակնկալէ՝ Զէնք Գնելու Համար

by MassisPost

Հայաստանը կ’ակնկալէ մինչեւ տարեվերջ 100 միլիոն տոլարի նոր վարկ ստանալ Ռուսաստանէն: Այսօր այս մասին «Ռիա նովոստի» գործակալութեան ըսած է ՌԴ-ի Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանը։

Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն իսկ հաւանութեան արժանացուցած է համապատասխան համաձայնագիրը, սակայն ստորագրման օրուան համար դեռ համաձայնութիւն տեղի չէ ունեցած, գրած է գործակալութիւնը ու աւելցուցած է՝ վարկը պիտի ուղղուի սպառազինութիւն ձեռք բերելու: Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Ռուսաստանը կը տրամադրէ անհրաժեշտ գումարի 90 տոկոսը, իսկ հայկական կողմը կը պարտաւորուի վճարել մնացած 10 տոկոսը։

«Ռիա նովոստի» գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ աւելի շուտ Ռուսաստանը Հայաստանին տրամադրած էր 200 միլոն տոլարի չափով վարկ, որ նոյնպէս օգտագործուած է ռուսական սպառազինութիւն գնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment