Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վրաստանի Իշխանութիւններու Կողմէ Վերակառուցուող Հայ Եկեղեցին Սեփականացնելու Փորձեր…

Վրաստանի Իշխանութիւններու Կողմէ Վերակառուցուող Հայ Եկեղեցին Սեփականացնելու Փորձեր…

by MassisPost

Ջաւախքի շրջանի Գումբուրդօ գիւղի 10րդ դարուն կառուցուած գիւղի եկեղեցւոյ բակին մէջ, նոր խաչքար մը զետեղելու պահուն գիւղի բնակչութեան եւ վրացի ոստիկաններու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Այս պատճառով եկեղեցին փակուած է եւ ձեւով մը գրաւուած:

News.am լրատու գործակալութեան համաձայն Գումբորդոյի խումբ մը բնակիչներ կը փորձեն Թբիլիսի մեկնիլ, պարզաբանում պահանջելու համար ստեղծուած իրավիճակի մասին: Մինչ այդ ոստիկանական ինքնաշարժները գիւղին մէջ կը հսկեն լարուած կացութիւնը: Բայց անհասկանալի է այդ հսկողութիւնը, քանի որ երկար տարիներ մարդիկ ապրած են այդ գիւղին մէջ եւ եկեղեցին ալ իրենցն է ու ոչ ոք ցարդ ձեռք չէր դպած այդ ազգային կառոյցին:

«Վրաց իշխանութիւններու ցանկութիւնն է ոչ թէ եկեղեցին մշակոյթի յուշարձանի   վերածել, այլ վերանորոգութիւններ կը կատարեն, որպէսզի թուրիզմը զարգացնեն, քանի որ զիրենք հետաքրքրողը փողն է միայն»  ըսաւ «Վիրք» կուսակցութեան համանախագահ Դաւիթ Ոստակեանը:

Վրաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս  Միրզախանեանը, որ վերջին օրերուն Հայաստան կը գտնուէր եւ կը ծրագրէր Ախալքալաք մեկննիլ, որոշած է ուղղակի Թբիլիսի երթալ եւ մօտէն զբաղիլ վերոյիշեալ հարցով:

Արդարեւ խաչքարի տեղադրման հարցը դեռ լուծուած չէ: Բախումներու հետեւանքով կային 2 ձերբակալեալներ, որոնք ազատ արձակուած են Վրաստանի Ներքին Գործոց նախարար Գէորգի Մհերիշվիլիի հետ եղած բանակցութիւններէն ետք:

Նշենք նաեւ խաչքարի զետեղման հարցով եղած միջադէպի հետեւանքներու լուծման համար իրենց միջամտութիւնները կատարած են նաեւ Վրաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր Սամուէլ Մանուկեանն ու Ախալքալաքի քաղաքապետութեան թեկնածու Սամուէլ Պետրոսեանը:

Յիշեցնենք որ ոստիկանները ներս չեն թոյլատրած հաւատացեալներու մուտքը, ըսելով որ ունին համապատասխան հրաման: Իրավիճակը սաստկացած է ու դէպքին վայր ժամանած են յատուկ նշանակոթեան զօրքերը: Ոստիկանները օդը կրակած են ու մահակներով դաժանաբար ծեծած տեղւոյն հայ բնակիչներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment